Աթէնքի մէջ Օգոստոս 2-15 տեղի կþունենայ ճատրակի մինչեւ 20 տարեկան երիտասարդ ու պատանի մարզիկներու աշխարհի ախոյենութեան մրցաշարքը: Շարքի 7-րդ հանգրուանին ընթացքին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սամուէլ Տէր Սահակեան հաւասարութիւն բերաւ չինացի Եիու Եանկին հետ, որ կը գտնուի 2¬րդ դիրքին վրայ: Ս. Տէր Սահակեան ունի 5 կէտ եւ վեց երիտասարդներու հետ կը գլխաւորէ արդիւնքներու աղիւսակը: Կարէն
Գրիգորեան 5 կէտով իր յաղթանակէն ետք, կը գտնուի 13-րդ դիրքին վրայ, իսկ Վահէ Պաղտասարեան 3 կէտով՝ կը գտնուի 49-րդ դիրքին վրայ:
Աղջիկներու մրցաշարքին մասնակցող Շուշաննա Սարգսեան 2 կէտով 41-րդ դիրքին վրայ է: Մրցաշարքի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի օր, Օգոստոս 2¬ին, ժամը 11։30¬ին, Աթէնքի «Թիթանիա» պանդոկէն նէրս. մրցումները պիտի ամբողջանան Չորեքշաբթի 15 Օգոստոս ժամը 19։00¬ին։ Աթէնքի մէջ 3¬րդ անգամն է որ կը կատարուի ճատրակի աշխարհի ախոյենութիւնը։
Տղոց դասակարգին կը մասնակցին 130 ճատրակիստներ 55 երկիրներէ, իսկ աղջիկներուն 60 ճատրակիստներ 40 երկիրներէ։ Յունաստանը ներկայացուց 30 մարզիկ՝ 22 տղայ եւ 8 աղջիկ։ Տղոց դասակարգը կը գլխաւորէ չինացի Տինք Լիրեն եւ աղջիկները ռուսաստանցի Պոտնարուք Անաստասիա։ Յաջորդ հանգրուանին դէմ յանդիման պիտի գան Շիմանով Ալեքսանտր¬Կարէն Գրիգորեան, Տէր Սահակեան Սամուէլ¬Կրանտելիուս Նիլս, Վահէ Պաղտասարեան¬ Նաում Սբիրիտոն, Լօլիսի Իսելին¬Շուշաննա Սարգսեան։
Լուսի Մովսէսեան