Պատմութեան ընթացքին 13 Հայաստանցի Մարզիկներ Տիրացած Են Ողիմպիականի Կոչումին
Այս տարուան Ողիմպիական խաղերը 6րդը կը նկատուին անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ, իսկ 5րդը, որուն ընթացքին Հայաստան կը ներկայանայ իր դրօշակին հովանիին տակ։ Արդարեւ, 1992ին Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիական խաղերուն հայ մարզիկները ներկայացան ԱՊՀ
միասնական հաւաքականի կազմով: Անկախ Հայաստանի մարզիկները Եռագոյնին առաջնորդութեամբ առաջին անգամ ըլլալով հանդէս եկան 1996 թուականին, Միացեալ Նահանգներու Աթլանթա քաղաքին մէջ կայացած ողիմպիական մրցաշարքերուն ընթացքին:
Աթլանթայի մէջ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Արմէն Նազարեան հանդիսացաւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան, իսկ ազատ ոճի ըմբշամարտիկ Արմէն Մկրտչեան նուաճեց ողիմպիական արծաթը: Հայաստանի մարզիկները ոչ պաշտօնական խմբակներու կարգին մէջ գրաւեցին 41րդ դիրքը։
2000 թուականին Սիտնիի եւ 2004 թուականին Աթէնքի ամառային խաղերուն Հայաստանի մարզիկները յաջողութիւններ չունեցան, իսկ 2008 թուականի Փեքինի խաղերուն Հայաստան տիրացաւ 6 պրոնզէ մետալի:
Այս տարուան ողիմպիականին Հայաստան կը մասնակցի 25 մարզիկներով՝ եօթը ըմբշամարտիկ, վեց ծանրորդներ, չորս թեթեւ աթլէթներ, երկուքական ճիւտոյիստներ եւ լողորդներ, մէկական հրաձիգ, թայքունտոյի մարզիկ, մարմնամարզիկ եւ բռնցքամարտիկ:
Հայաստանի մարզիկները ժամանակակից ողիմպիական խաղերուն սկսած են մասնակցիլ 1952 թուականէն: Մինչ օրս Հայաստանի 13 մարզիկներ նուաճած են ողիմպիականի ախոյեանի կոչումը, որոնցմէ 12ը՝ Խորհրդային Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ.
1952 թուական, Հելսինքիի մէջ. Հրանտ Շահինեան՝ մարմնամարզութիւն.
1956 թուական, Մելպուռն, Աւստրալիա. Վլադիմիր Ենգիբարեան՝ բռնցքամարտ, Ալբերտ Ազարեան՝ մարմնամարզութիւն եւ Իգոր Նովիկով՝ հնգամարտ.
1960 թուական, Հռոմ. Ալբերտ Ազարեան՝ մարմնամարզութիւն.
1972 թուական, Միւնիխ. Ֆաինա Մելնիկ՝ աթլէթ
1980 թուական, Մոսկուա. Եուրի Վարդանեան՝ ծանրամարտ, Էդուարդ Ազարեան՝ մարմնամարզութիւն.
1988 թուական, Սէուլ. Լեւոն Ջուլֆալակեան՝ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ, Օգսէն Միրզոյեան՝ ծանրամարտ.
1992 թուական, Պարշելոնա. Իսրայէլ Միլիտոսեան՝ ծանրամարտ, Հրաչեայ Պետիկեան՝ հրաձգութիւն, Մնացական Իսկանդարեան՝ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ.
«Արմէնփրէս»
Ողիմպիական մետալ նուաճած մարզիկներուն համար, բացի կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի սահմանած 700 հազար տոլարէն, պետական պարգեւավճար սահմանած է նաեւ Հայաստանի կառավարութիւնը, որ 20-ական միլիոն դրամ պիտի յատկացնէ ոսկի, 15-ական միլիոն դրամ՝ արծաթ, եւ 10-ական միլիոն դրամ՝ պրոնզէ մետալներուն համար:
Անկախացումէն ի վեր Հայաստանը ունեցած է միայն մէկ ողիմպիական ախոյեան՝ յունահռոմեական ոճի ըմբիշ Արմէն Նազարեանը, որ 1996ին Աթլանթայի ողիմպիականներուն ընթացքին նուաճած է իր մետալը:
Լոնտոնի մէջ առայժմ երկու մետալակիր ունի Հայաստանը՝ Արսէն Ջուլֆալակեան արծաթեայ եւ Հռիփսիմէ Խուրշուտեան պրոնզէ
Հայաստան Ողիմպիական Խաղերու Դասաւորման 43րդ Դիրքը Կը Գրաւէ
Հայաստան իր մարզիկներու Արսէն Ջուլֆալակեանի եւ Հռիփսիմէ Խուրշուտեանի 1 արծաթէ եւ 1 պրոնզէ մետալներով Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու խմբային դասաւորման մէջ կը գրաւեն 43րդ դիրքը: Այս տեղեկութիւնները տեղադրուած են ողիմպիական խաղերու 204 մասնակից երկիրներու մարզիկներու մրցումներուն ոչ պաշտօնական խմբային դասաւորման մէջ։ Մէկական արծաթէ եւ պրոնզէ մետալ խլած են նաեւ 5 երկիրներու մարզիկներ: Հայաստանի խումբին կը յաջորդեն պելճիքացիները։
Չինաստանի մարզիկները՝ նուաճելով 30 ոսկիէ, 17 արծաթէ եւ 14 պրոնզէ, ընդհանուր 61 մետալ, կրկին կը գլխաւորեն Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ոչ պաշտօնական խմբային դասաւորման ցանկը:
2րդ դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգները՝ 28 ոսկիէ, 14 արծաթէ եւ 18 պրոնզէ մետալով, ընդհանուրը՝ 60 մետալ: 3րդ դիրքին վրայ են բրիտանացիները՝ 16 ոսկիէ, 11 արծաթէ եւ 10 պրոնզէ մետալով:
Յաջորդ դիրքը կը գրաւեն Հարաւային Քորիայի մարզիկները, որոնք կը շարունակեն իրենց յաղթական երթը՝ խլելով 10 ոսկի, 4 արծաթէ եւ 6 պրոնզէ՝ 20 մետալ:
Ողիմպիականներու 11-րդ Օր
Հայաստան առ այժմ շահած է երեք մետալ
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարքի ծիրէն ներս, 6 Օգոստոսին կայացած մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Եուրի Պատրիկէեւ (120 քկ) պայքարը սկսաւ մրցելով փորձառու Հասան Պարոյեւի (Ռուսիա) դէմ: Պատրիկէեւ առաջին ռաունտին 0-1 հաշիւով զիջելէ ետք, յաջորդ երկու ռաունտերը 3-0 եւ 1-0 հաշիւով առաւելութեան հասնելով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Սակայն Պատրիկէեւ դուրս մնաց ոսկի մետալի համար պայքարէն: Երրորդ վճռորոշ ռաունտին՝ 1.5 վայրկեան պայքարէ ետք, երբ հաշիւը զերօ հաւասար էր, իրաւարարը վիճակաձգութիւն ըրաւ եւ ատոր արդիւնքով իրանցի ըմբիշը պաշտպանուողի դիրքին մէջ գտնուեցաւ, սակայն Պատրիկէեւ չկրցաւ զայն վերցնել գետնէն եւ գլորում կատարեց: Որովհետեւ իրանցին ոչ ակներեւ, սակայն պաշտպանուելու ատեն ոտքը օգտագործած էր, Հայաստանի խումբը բողոքեց: Տեսերիզը դիտելէ ետք իրաւարարները չփոխեցին իրենց որոշումը:
Իսկ երէկ գիշեր, Հայաստան նուաճեց իր երրորդ մետալը՝ յունահռոմէական ոճի 96 քիլօկրամի ծանրութեան ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի յաղթանակով:
(Լուսանկարին մէջ Արթուր Ալեքսանեան (աջին)
թուրք մրցակիցին դէմ)
Քրիստինէ Յարութիւնեանը նիզակի արձակումի մարձաձեւին մէջ մրցեցաւ երէկ, 47.65 մեթր արդիւնք ձեռք բերելով եւ մնալով 18-րդ դիրքի վրայ:
Յաջորդող օրերու մրցումներու ցուցակը.-
ՕԳՈՍՏՈՍ 8 .¬
Մելիք Ջանոյեան, նիզակի արձակում
ՕԳՈՍՏՈՍ 10.¬
Արման Երեմեան, թեքվոնտօ, 80 կգ Միհրան Ջաբուրեան, ազատ ըմբշամարտ, 55 կգ
ՕԳՈՍՏՈՍ 11.¬
Հաջիմուրադ Նուրմոհամեդով, ազատ ըմբշամարտ, 84 կգ
ՕԳՈՍՏՈՍ 12 .¬
Դաւիթ Սաֆարեան, ազատ ըմբշամարտ, 66 կգ
Նոյն օրը՝ Օգոստոս 12 -ին, տեղի պիտի ունենայ նաեւ խաղերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: