Այս հարցումին պատասխանը մէկ չէ: Կախեալ է իւրաքանչիւր երկրէն, որ մարզիկ մը կը ներկայացնէ:
Իր մարզիկները ամէնէն լաւ «վարձատրող» երկիրը Ուզպեքիստանն է: Ոսկի մետալը հոս կ'արժէ 811.000 եւրօ: Շարքի

երկրորդ եւ երրորդ տեղերը կը գրաւեն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը՝ 700.000 եւ 640.000 եւրօ գումարներու յատկացումով:
Աւելի «մեծ» համարուող երկիրները բաւական նուազ գումարներ կը յատկացնեն ոսկի մետալի տիրացած իրենց մարզիկներուն: Լոնտոնի ողիմպիական մրցումներուն մէջ ներկայիս ամէնէն շատ ոսկի մետալներ շահած երկիրը՝ Չինաստանն է, որ 42.400 եւրօ կը յատկացնէ իւրաքանչիւրին: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները 19.000 եւրօ կը յատկացնեն:
Եւրոպական Միութեան երկիրներէն ամէնէն առատաձեռն տուողը Իտալիան է՝ 140.000 եւրօ գումարով: Միւս կողմէ՝ Ողիմպիականները կազմակերպող երկիրը՝ Մեծն Բրիտանիան մէկ լիրա անգամ չի տրամադրեր ոսկի մետալ նուաճած մարզիկներուն: Անոնք ստիպուած կÿըլլան բաւարարուելու 12.750 եւրոյի գումարով, որ իրենց կը տրուի որպէս պատուոյ գումար, երբ անոնց նկարով նամակադրոշմ մը հրատարակուի:
Ֆրանսան իր կարգին 50.000 եւրօ կը տրամադրէ ոսկի մետալ նուաճող մարզիկին, գումար՝ որ հարկերու ենթակայ է:
Տնտեսական տագնապի սեղմ պայմանները դրամական պարգեւներու տրամադրման արգելք կը հանդիսանան ուրիշ երկիրներու համար: