Ֆապիւս-Մամետիարով հանդիպում

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Լորան Ֆապիւս եւ Էլմար Մամետիարով Երկուշաբթի, Յուլիս 30ին, Փարիզի մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին պիտի քննեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր, ըստ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին տուեալներուն:

Խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի սկսած բանակցային գործընթացի  ծիրէն ներս, ուր Ֆրանսա համանախագահ մըն է, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու
կողքին, նշուած էր Ֆրանսսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Երկու նախարարները նաեւ պիտի քննեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տնտեսական համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: