Յուլիս 23-ին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման,

որուն ներկայ էին ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընը, հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէն:
Ելոյթ ունենալով նիստին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ Արեւելեան գործընկերութեան Փրակայի  հիմնադիր գագաթնաժողովէն դէպի Վարշաւայի գագաթնաժողով անցած ճանապարհը եւ Վիլնիւսի մէջ տեղի ունենալիք գագաթնաժողովին ընդառաջ կատարուող աշխատանքները՝  կը վկայեն ծրագրի կենսունակութեան մասին:
Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին մէջ Հայաստանի արձանագրած ար- դիւնքներուն, ապա Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան զանոնք ներկայացուցած է իր ելոյթին ընթացքին՝ նշելով, որ ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու սկիզբէն երկու տարի անց Հայաստան փակած է 29 բանակցային գլուխներէն 28-ը եւ այս յաջողութիւնը հաշուի առնելով՝ սահուն յառաջընթաց կ՛ակնկալեն նաեւ խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ բանակցութիւններուն մէջ՝ նպատակ ունենալով աւարտական հանգրուանին մօտենալ մինչեւ Վիլնիուսի վեհաժողովը: Նախարարը աւելցուց թէ  արդէն աւարտական հանգրուանի մէջ կը գտնուի Հայաստան եւ միայն ստորագրման եւ վաւերացման կը սպասեն մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման վերաբերող համաձայնագիրները:
Նախարարական հանդիպման ընթացքին յայտարարութիւն մը ընդունուեցաւ, ուր կ'ընդգծուէր, որ Եւրոպական յանձնաժողովի եւ ԵՄ փոխ նախագահ, Բարձր Ներկայացուցիչի կողմէ ներկա- յացուած ճանապարհային քարտէսը լաւ հիմք կը հանդիսանայ Վիլնիւսի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին ընդառաջ Փրակայի եւ Վարշաւայի գագաթնաժողովներուն մշակուած նպատակներով առաջնորդուելու համար: Նշուեցաւ, որ 2013 թուականին կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան յաջորդ նախարարական հանդիպումը լաւ առիթ է դիտարկելու եւ նախանշելու ձեռնարկուելիք հետագայ քայլերը:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՖԻՒԼԷՅԻ ՀԵՏ
Նիստէն առաջ տեղի ունեցաւ Էդուարդ Նալբանդեանի ու հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէի հանդիպումը, որու ժամանակ քննարկուեցան Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու աջակցութեան համաժողովի հրաւիրման կազմակերպչական հարցերը:
Նոյն օրը երեկոյեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպեցաւ Պելճիքայի  փոխ վարչապետ, արտաքին գործերու նախարար Տիտիէ Ռէյնդերսին հետ:
Հայաստանի եւ Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարները մանրամասն քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու հարցերու լայն շրջանակ, անդրադարձան երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, արտաքին գործերու նախարարութիւններու միջեւ կանոնաւոր խորհրդատուութիւններու կատարման, տնտեսական համագործակցութեան խթանման, միջխորհրդարանական կապերու աշխուժացման նպատակով համապատասխան քայլերու ձեռնարկման:
Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Տիտիէ Ռէյնդերսի զրոյցի ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Ֆրանկոֆո- նիայի միջազգային կազմակերպութեան ծիրէն ներս համագործակցութիւնը:
Պելճիքայի արտաքին գործերու նախարարի խնդրանքով Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերը:
Էդուարդ Նալբանդեան իր պելճիքացի գործընկեր Տիտիէ Ռէյնդերսին հրաւիրեց այցելել Հայաստան:

«Կը Ցանկանք Օգնել Ղարաբաղի Հարցով
Վստահութեան Կառուցման» Կ՛ըսէ Քեթրին Էշթըն

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ եւրոպացի պաշտօնեաներու հանդիպումին, մասնակցեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն, որ անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապի հարցին, մասնաւորաբար՝ Լեռնային Ղարաբաղ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչի առանց նախապայմաններու մուտքի կարելիութեան:
Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ ինք խօսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին վերաբերեալ: «Մենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կը քննարկենք բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, մասնաւորաբար՝ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորի եւ ոչ թէ բոլոր եւրոպացի պաշտօնեաներուն Ղարաբաղ մուտքը թոյլ տալու հարցը: Մենք կը ցանկանք օգնել կառուցել վստահութիւնը այն մարդոց միջեւ, որոնք կ՛ապրին այնտեղ, բաւական լարուած եւ խիստ անկայուն իրավիճակի մէջ: Եւ կրկին կ՛ուզեմ ըսել, որ ոչ միայն այսօրուան հանդիպման, այլեւ բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին ասոնք քննարկուող առանցքային հարցեր են», նշեց Քեթրին Էշթըն: