ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 Յուլիսին ընդունած է «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան միջազգային երկրորդ սիմփոզիումի մասնակիցները։

Ան քանդակագործներուն հետ քննարկած է Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման առնչուող հարցեր։
Նախագահ Սահակեան շատ կարեւոր նկատած է մշակութային նման կարեւոր նախաձեռնութեան մը կայացումը Արցախի մէջ՝ գոհունակութիւն յայտնելով այդ գծով եւ յուսալով, որ անիկա աւանդական դառնայ:
Բակօ Սահակեան դիտել  տուած է, որ սիմփոզիումը հիանալի առիթ է մշակոյթներու երկխօսութեան եւ ներթափանցման համար, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ մարդասիրական արժէքներու պահպանման եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Արցախը տարբեր երկիրներու կողմէ ճանաչելի դարձնելու գործընթացին:
Հանդիպման կը մասնակցէին մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան ու այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։