Այս երեւոյթին կուգայ աւելնալու թռիչքուղիներու մէկ ընկերութիւն ունենալու պարագան, որ կը սահմանէ կամային գիներ

«Տաթեւ» զբօսաշրջային ընկերութեան տնօրէն Առլէն Տաւուտեանի խօսքով՝  թէեւ վերջին ութ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ բաւական զարգացում ապրած է ներքին զբօսաշրջութիւնը, այսինքն՝  հիւրանոցները, սպասարկումը բարձր մակարդակի վրայ են, սակայն անոր զուգահեռ գիները կը շարունակեն մնալ բարձր, որ արդարացուած չէ:
«Հայաստանում գները շատ թանկ են: Հիմա ինձ մօտ Հայաստանի հիւրանոցների գներ կան, հինգ կամ վեց հիւրանոց կայ նրանց թւում, որ օրական սպասարկման համար չեն առաջարկում եռաթիւ գումար»,-  հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ըսաւ ան:
Առլէն Տաւուտեանի խօսքով՝ Ջերմուկի մէջ մէկ շաբաթեայ հանգիստ կազմակերպելու համար անհրաժեշտ է 200.000 դրամէն աւելի գումար:
Հարցին, թէ եթէ քաղաքացին ունի 100.000 դրամ հանգիստ կազմակերպելու համար, քանի՞ օր կրնայ անցնել Հայաստանի մէջ եւ հարեւան երկիրներէն մէկուն մէջ, Առլէն Տաւուտեան պատասխանեց, որ Հայաստանի մէջ հանգիստ իրականացնելու համար օրական անհրաժեշտ է 15.000 դրամ:
Մինչդեռ ըստ անոր, նոյն 100.000 դրամով հինգ օր կարելի է նոյնպիսի հանգիստ կազմակերպել Անթալիայի մէջ, այն պարագային, երբ այնտեղ ծով է, դեռ հանրակառքով մեկնիլն ալ՝  ներառեալ:
Առլէն Տաւուտեան նշեց, որ հարեւան Վրաստանի մէջ նոյնպէս շատ աւելի աժան է: «Պաթումիում 4-5 աստղանի հիւրանոցում մէկ շաբաթ հանգստանալու համար 60-ից 65 տոլար է անհրաժեշտ, իսկ Հայաստանում նոյն որակի սպասարկման համար օրինակ՝ Ջերմուկում 510 տոլար, Սեւանում՝ 400 տոլար: Հայաստանում որակ ուզենալու համար պէտք է բաւականին թանկ վճարես»,- ըսաւ ան:
Ըստ Տաւուտեանի ատոր պատճառը նաեւ այն է, որ օրինակ՝  Սեւանի մէջ զբօսաշրջային եղանակը կարճ է: «Գուցէ դա նրանից է, որ զբօսաշրջական եղանակը քիչ է եւ տարուայ ծախսերն են հաշւում, օրինակ՝  Սեւանում, իսկ արդէն Ծաղկաձորում աւելի առաջընթաց է նկատւում»,- ըսաւ ան:
«Տաթեւ» զբօսաշրջային ընկերութեան տնօրէնը նաեւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութիւնը չի զարգանար ցանկալի ձեւով, քանի որ ունինք թռիչքուղիներու մէկ ընկերութիւն, որ կը սահմանէ կամային գիներ:
Յաջորդ պատճառը մատուցուող ծառայութիւններու բարձր գիներն են, իսկ երրորդ պատճառը, անոր պնդմամբ, այն է, որ ցամաքային փոխադրող ընկերութիւններու համար, երբ մրցոյթ կը յայտարարուի, միշտ յաղթող կը ճանաչցուի մէկ ընկերութիւն:
«Եթէ երկու կամ երեք ընկերութիւն յաղթող ճանաչուի, մրցակցութիւնը կը մեծանայ, գները  կ'իջնեն, որակն էլ կը բարձրանայ»,- կը յուշէ ընկերութեան տնօրէնը:
Ան նաեւ նշեց, որ վերջերս նկատած է, որ Իրանի քաղաքացիները Հայաստանի կու գան՝ Վրաստան մեկնելու համար: