Յուլիս 13էն 15, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութեանց ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հանրութեան ներկայացուցիչներու համաժողով մը,

որ խորագրուած էր «Աջակցութիւն ազատութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման՝ Կովկասի մէջ» եւ կազմակերպուած էր Ֆրիտրիխ Նաուման հիմնադրամին կողմէ։ Հայաստանէն համաժողովին մասնակցած է ՀՀՇ կուսակցութիւնը, Ատրպէյճանէն՝ «Մուսաւաթ»ը, իսկ Վրաստանէն՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը։ Մասնակիցները քննարկած են երեք երկիրներուն իրավիճակը եւ եւրոպական կառոյցներուն տարածաշրջանին համարկման կարելիութիւնները։ Արծարծուած է ժողովրդական բարեփոխումներու հարցը: