Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու նախնական տուեալներով՝ 67,70% տոկոսով յաղթանակ կ'արձանագրէ ԼՂՀ գործող նախագահ Բակօ Սահակեանը:
ԼՂՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը առ այժմ ստացած է արձանագրութիւններու 57%ն: Երկրորդ տեղը յայտնուած է Վիտալի Բալասանեանը (31,40%), իսկ Արկատի Սողոմոնեան հաւաքած է 0,90%:
Այս պահուս դեռ կ'ընթանայ հաշուարկի գործընթացը. հետագային պիտի հրապարակուի պաշտօնական տուեալներու հիմամբ հաղորդագրութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահը 19 Յուլիսի ժամը 21ին հրապարակեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցողներուն թուային պատկերը։
Ռաշիտ Պետրոսեանի համաձայն, ընտրութիւններուն մասնակցած է 72,833 ընտրող, այսինքն՝ ընտրողներուն 73.43 տոկոսը: Ստեփանակերտի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է 25,054 ընտրող կամ՝ ընտրողներու 68.40 տոկոսը: Ասկերանի շրջանին մէջ 9264 կամ 79.87 տոկոսը:
Հադրութի շրջանին մէջ ընտրողներուն թիւը 7136 է կամ ընտրողներուն 82.72 տոկոսը։ Մարտակերտի շրջանին մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է 9904 մարդ կամ 75.14 տոկոս, Մարտունիի շրջանին մէջ՝ 12.069 կամ 70.31 տոկոսը, Շահումեանի շրջանին մէջ 1533 կամ 86.37 տոկոսը, Շուշիի շրջանին մէջ ընտրած է 2680 անձ կամ 74.26 տոկոսը, Քաշաթաղի շրջանին մէջ 4701 ընտրող կամ 77. 45 տոկոսը:
Երեւանի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է 492 ընտրող կամ ընդհանուր թիւին 92.31 տոկոսը:
ԿԸՅի նախագահին համաձայն, երէկ գիշեր ընտրակեդրոններուն մէջ ընթացած են քուէաթերթիկներու հաշուարկման աշխատանքները։
Նշենք, որ ներկայ եղող 80ի մօտ միջազգային դիտորդները բարձր գնահատեցին Ղարաբաղի թափանցիկ ընտրութիւնները
Միջազգային Դիտորդներ
Բարձր Կը Գնահատեն Ղարաբաղի Թափանցիկ Ընտրութիւնները
«Նիուզ».- Աշխարհի տարբեր երկիրներէ դիտորդական առաքելութիւն կատարելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուին 81 միջազգային դէտեր, որոնք հետեւեցան նախագահական ընտրութիւններուն, իսկ անոնցմէ ոմանք լրագրողներու հետ ունեցած իրենց զրոյցներուն ընթացքին փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները։
Սովորական քաղաքացիներու կուսակցութեան առաջնորդ, «Սթափ իսլամիզէյշըն աֆ Եուրոփ» միջազգային կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ, Պուլկարիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Փաւել Չերնեւ դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին նոյնիսկ ամէնէն փոքր գիւղերուն մէջ ընտրակեդրոնները յագեցած են համապատասխան պարագաներով եւ պայմաններով: «Ինչպէս հիւսիսի, այնպէս ալ հարաւի մէջ նախընտրական քարոզարշաւը հանգիստ կ՛ընթանայ: Ունիմ այն տպաւորութիւնը, որ ընտրութիւնները մաքուր եւ թափանցիկ են», նշած է ան:
Աւստրիացի դէտ, «Միութիւն յանուն Աւստրիոյ ապագայի» կուսակցութեան միջազգային հարցերու բաժանմունքի համակարգող Ալեքսանտր Շտելզլը, իր կարգին յայտնեց, որ տեղւոյն բնակիչները չեն կասկածիր ընտրութիւններուն արդար ըլլալուն վրայ, ինչ որ օրինականութիւն կու տայ իշխանութիւններուն եւ անոնց տալիք որոշումներուն։
Կիպրոսի դէտ Եանիս Խարալամփիտիս ըսաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունեցան պատշաճ մակարդակի վրայ: Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ աճի դրական յառաջընթաց կը նկատուի, իսկ այս ընտրութիւնները այդ երեւոյթին լաւագոյն վկայութիւնն են։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողո- վըրդավարութիւնը կը զարգանայ։ Պէտք է շարունակել այս գծով տարուող բարեփոխման աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի էական արդիւնքներու հասնիլ», նշեց ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կը վերաբերի ատրպէյճանական այն յայտարարութիւններուն նկատմամբ, թէ Ղարաբաղ այցելող եւ ընտրութիւններուն հետեւող միջազգային գործիչները իր «սեւ ցանկ»ին վրայ են, կիպրացի դէտը յայտնեց, որ այդ հարցը ոչ մէկ իմաստ ունի իրեն համար։
Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Ճիմ Քարիճիանիս
եւ Ալեքսանտր Պուլրիս կ'այցելեն Հայաստան
Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ԼՂՀ իշխանութիւններու հրաւէրով, Յուլիս 16-ին Հայաստան ժամանեցին Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Ճիմ Քարիճիանիսն ու Ալեքսանտր Պուլրիսը, որոնք նաեւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան փոխ նախագահներն են: Յանձնախումբի անդամ Յակոբ Յակոբեան մաս կը կազմէր պատուիրակութեան :
Յուլիս 17-ին ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդյանը ընդունեց Պուլրիսին եւ Քարիճիանիսին:
Ողջունելով հիւրերուն՝ նախարար Նալբանդեան նշեց, որ վերջին տարիներուն Քանատայի հետ համագործակցութեան գծով յառաջընթաց արձա- նագրուած է:
Նախարար Նալբանդեան յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ պրն. Քարիճիանիսի Արցախի ընտրութիւններուն «իբր անկախ դիտորդ մասնակցութեան:
Նոյն օրը, քանատացի հիւրերուն ընդունեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը:
Շարմազանով երախտագիտութիւն յայտնեց Քանատային՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, տարիներու հայանպաստ դիրքորոշման համար: ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահը կարեւոր նկատեց նաեւ ԼՂՀ նախագահական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեամբ մասնակցելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն մեկնող Քանատացի պատգամաւորներու այցելութիւնը Արցախի ժողովուրդին համար, որ ցոյց կու տայ, որ Քանատան հետաքրքրուած է ԼՂՀ-ի ժողովրդավարութեան ընդլայնմամբ:
Քանատացի հիւրերը յայտնեցին, որ կը ծրագրեն նախաձեռնելու «Լեռնային Ղարաբաղի ընկերներ» կոչուող խորհըրդարանական խմբակցութիւն:
Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան այս այցելութեան առիթով գոհունակութիւն յայտնեց ԼՂՀ նախագահական ընտրութիւններուն օտար երկիրներու դիտորդներու ներկայութեան, ներառեալ Քանատան: «Հակառակ ատրպէյճանական ճնշումներուն, Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Քարիճիանիս իր մասնակցութիւնը կը բերէ ընտրութիւններուն իբր անկախ դիտորդ», յայտնեց տոքթ. Պասմաճեան, աւելցնելով, որ քանատացի խորհրդարանի անդամներուն Ղարաբաղ այցելութեան առիթով, ատրպէյճանական դեսպանատունը ճնշում բանեցուցած է գանատական պատկան իշխանութեանցեւ խորհրդարանական կուսակցութեանց մօտ, արգելք հանդիսանալով որ Քանատայի խորհրդարանի այլ անդամներ իբր դիտորդ ներկայ գտնուին ընտրութիւններուն: «Իբրեւ քանատացի կ'ընդվզինք, որ Քանատայի խորհըրդարանիանդամներ կ'ենթարկուին օտար պետութեան մը դեսպանատան ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն», յայտնեց տոքթ. Պասմաճեան:
«Սադրանք» որակելով՝ Պաքուն եւ Անգարան
կը դատապարտեն Ղարաբաղի ընտրութիւնները
ԱՆԳԱՐԱ.- Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները 18 Յուլիսին յայտարարութիւններ հրապարակած են՝ դատապարտելով 19 Յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախագահական ընտրութիւններու գործընթացը:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլաեւը յայտարարած է, թէ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներ»ուն մէջ ընտրութիւններու կայացումը «սադրանք» է եւ հայկական կողմէն կատարուած փորձ՝ ամրապնդելու ներկայի «սթաթիւս քօ»ն, որուն անընդունելի ըլլալը կ՛ընդունի միջազգային հանրութիւնը։ Ըստ Ապտուլաեւի, այդ ընտրութիւնները վնաս կը հասցնեն ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին: Ան յայտարարած է նաեւ, թէ Ղարաբաղի ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն կատարող օտար պետութիւններու բոլոր քաղաքացիները պաշտօնական Պաքուի կողմէ «անբաղձալի անձ»եր կը նկատուին։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրած յայտարարութեան մէջ կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան» եւ կը հաստատէ, որ Ղարաբաղի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները կը խախտեն միջազգային իրաւունքը եւ նպատակ ունին «միակողմանիօրէն օրինականացնելու անօրինական իրավիճակը»:
Նշելով, թէ կը դատապարտէ Ղարաբաղի մէջ կայանալիք ընտրութիւնները, եւ թէ պիտի չճանչնայ անոնց արդիւնքները՝ պաշտօնական Անգարան նաեւ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ լրջագոյն խոչընդոտը հանդիսանալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան, բարի դրացիական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հաստատման ջանքերուն դիմաց: