ԼՂՀի նախագահական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը տեղի կ'ունենայ այսօր 19 Յուլիսին՝ ժամը 8:00էն մինչեւ 20:00:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բացուած են 274 ընտրական կեդրոններ, ինչպէս նաեւ մէկ կեդրոն ալ կը գործէ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի մէջ ԼՂՀի մնայուն ներկայացուցչութեան մօտ: Ինչպէս կը յայտնէ «Փանարմինիան»ը շուրջ 100 դիտորդ արձանագրուած է ընտրութիւններու ընթացքին հետեւելու համար. անոնցմէ 80ը՝ միջազգային:
Ընտրութիւններու շուրջ լուսաբանութիւններ հաղորդելու եւ լրատուութիւն տարածելու համար հաւատարմագրուած են 93 լրագրողներ, որոցմէ 50ը օտար լրատուական միջոցներէ:

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ
98.909 ՀՈԳԻ ԿԸ ՀԱՇՈՒԷ

«Նիուզ» կը հաղորդէ, թէ 16 Յուլիսի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ընտրողներուն թիւը կը կազմէր 98 հազար 909: Այդ մասին «Փաստինֆօ» գործակալութեան տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։
Ժամանակաւորապէս Հայաստան գտնուող կամ հոն բնակող Ղարաբաղի քաղաքացիներուն առիթ տրուած էր մինչեւ 17 Յուլիսի արձանագրուելու, որպէսզի կարենան ընտրութեան օրը իրենց ընտրական իրաւունքը գործածել եւ քուէ տալ։ Ատկէ ետք Հայաստան ժամանած արցախցիները քուէարկութեան օրը պիտի ներառուին հայաստանեան ներկայացուցչութեան ընտրողներու լրացուցիչ ցանկին վրայ։ Հիմնական ցանկերը օրական դրութեամբ, իսկ լրացուցիչ ցանկերը քուէարկութեան օրը պարբերաբար պիտի ուղարկուին Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին, որպէսզի նկատի ունենան այդ անունները՝ Ղարաբաղի ընտրողներու ցանկերու համալրման ընթացքին։
Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ նախագահական աթոռին համար կը պայքարին երեք անկուսակցական թեկնածուներ՝ ԼՂՀ գործող նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի պետական գիւղա- տնտեսութեան համալսարանի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի ուսումնագիտական աշխատանքներու գծով փոխ տնօրէն Արկադի Սողոմոնեան եւ ԼՂՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վիտալի Բալասանեան։