ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւններուն հետեւելու նպատակով Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները 17 Յուլիսին հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ  խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանի եւ ՀՅԴ անդամ Արտաշէս Շահբազեանի հետ:


Վահան Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաքելութեան անդամներուն՝ Ռուսիոյ պատգամաւորներ Ալեքսանտր Պապաքովին եւ Իվան Սուխարեւին, Ռուսիոյ Հանրային պալատի անդամ Տենիս Տուորնիքովին եւ Ռուսիոյ ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն կատարելնուն եւ այդպիսով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական համակարգի ամրապնդման աջակցելնուն համար:
Ան հիւրերուն ներկայացուց արցախեան հակամարտութեան պատմութիւնը, հակամարտութեան ընթացքին մասին որոշ մանրամասնութիւններ եւ հակամարտութեան լուծման նպատակով ի գործ դրուած բանակցային գործընթացին առանձնայատկութիւնները:
«Քանի որ օրէնքը թոյլ էր տալիս, որ բոլոր ինքնավար մարզերն անցկացնէին հանրաքուէ եւ ինքնուրոյն որոշէին սեփական ճակատագիրը, ԼՂն դուրս եկաւ Ատրպէյճանական Խորհրդային հանրապետութեան կազմից: Եթէ այն ժամանակ Ատրպէյճանը ցանկանար խնդիրը լուծել խաղաղ ճանապարհով, ապա, ես համոզուած եմ, այն ժամանակ գտնուած կը լինէր այն բանաձեւը, որ կը բաւարարէր ե՛ւ հայերին, ե՛ւ ատրպէյճանցիներին: Գուցէ պետական մի այնպիսի միաւորում ստեղծուէր, որ այն ժամանակ շրջանառւում էր՝ ընդհանուր հանրապետութիւն: Իսկ Ատրպէյճանը որոշեց, որ եթէ ԽՍՀՄը փլուզւում է, ուրեմն վերահսկողութիւն չկայ, ուրեմն, ինչպէս սովորաբար նրանց մօտ ընդունուած էր, դաշոյնով, խեղդելով կարելի է միաւորել այդ տարածքը», նշեց Վահան Յովհաննէսեան:
Անոր համաձայն, անկախ այն երեւոյթէն, թէ ԼՂՀն ճանչցուա՞ծ է, կիսաճանչցուա՞ծ, թէ՞ այլ կարգավիճակ ունի, բայց եւ այնպէս անիկա երկիր մըն է, որուն ժողովուրդը եւս ղեկավարներ պէտք է ունենայ, իսկ այդ ղեկավարութիւնը պէտք է ընտրուի ժողովրդավարական կերպով: Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ Ղարաբաղի բնակիչները իրենց ղեկավարութիւնը պիտի ընտրեն ժողովրդավարական արժէքներուն համապատասխան՝իսկական ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով: Արցախեան ընտրութիւնները իրենց ժողովրդավարութեամբ միշտ ալ քանի մը քայլ առջեւ եղած են թէ՛ Ատրպէյճանի, եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններէն, հաստատեց Բիւրոյի անդամը։
Ալեքսանտր Պապաքով նշեց, որ իրենց ըսած են, թէ շատ համարձակ մարդիկ են, որովհետեւ Ղարաբաղ գալով դիտորդական առաքելութիւն պիտի կատարեն։ Ան յայտնեց, որ իրենք ո՛չ թէ համարձակ մարդիկ են, այլ բարի կամքի տէր անձեր են, որոնք կ՛ուզեն անձամբ տեսնել այդ փոքրիկ, բայց հիասքանչ երկիրը։
«Կը կարծեմ, որ այս ընտրութիւնները, որոնք հինգերորդ անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենան, պիտի ապացուցեն, որ ժողովրդավարական են, եւ որ Ղարաբաղի բնակչութիւնը իսկապէս կ՛ընտրէ իր ուզած իշխանութիւնը։ Իսկապէս անհրաժեշտ է վերադառնալ 1994 թուականի մեկնակէտին, երբ Ատրպէյճան կը գիտակցէր, թէ միայն բնական երկխօսութեամբ կարելի է դիւանագիտական արդիւնքներու հասնիլ։ Ներկայ դրութեամբ, ի հարկէ, ճիշդ չէ, որ գոյութիւն ունենան անքլաւներ, ուր մարդիկ կ՛ապրին առանց ճանաչում ունենալու։ Նման բան չի կրնար ըլլալ, ատիկա ժողովրդավարութիւն չէ։ Չէ՞ որ Արեւմուտքը կ՛ըսէ, թէ ժողովրդավարութիւնը ամէն բանէ վեր է, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ազգը, կ՛ընդգծեմ՝ ազգը, եւ ոչ թէ մէկ-երկու հոգի, անկախութիւն, ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ունենալ կ՛ուզէ,  բայց ոչ ոք կը ճանչնայ զայն», նշեց ռուս դէտը: