Հիմնադրամի ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինը լոսանջելեսաբնակ բարերարներու հովանաւորութեամբ ԼՂՀ Հադրութ քաղաքին խմելու ջուրի ներքին ցանց կը կառուցէ: Ծրագիրը կը համաֆինանսաւորէ ԼՂՀ կառավարութիւնը:
Հադրութի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Էդիկ Դաւթեանի խօսքով՝ քաղաքը կþօգտուի 1976 թուականին կառուցուած ներքին ցանցէն.«Ջրագիծերը, սակայն, հին են ու մաշած, յաճախ վթարներ են լինում, ու մարդիկ օրերով զրկւում են ջրից», - ըսաւ ան:
Ծրագրով նախատեսուած 33 քմ երկարութիւն ունեցող ներքին ցանցի կէսէն աւելին արդէն կառուցուած է: Ջրամատակարարման բաշխիչ եւ կարգաւորիչ հորերու տեղադրման աշխատանքներէն բացի, կը կառուցուին նաեւ պոմպակայան եւ 2 ջրամբար: Արդէն յաջորդ տարուայ գարնան Հադրութ քաղաքի տնտեսութիւնները՝ աւելի քան 3200 բնակիչ, կ'ունենան կանոնաւոր ջրամատակարարում:
«2008թ.-ին Հիմնադրամի կառուցած Արջաղբիւր-Հադրութ 22 քմ երկարութեամբ ջրագիծի շնորհիւ խմելու ջուրը հասաւ քաղաք, իսկ անցեալ տարի բարերարներ տէր եւ տիկին Ջերարդ եւ Փաթրիշիա Թրփանջեանները ստանձնեցին ներքին ցանցի կառուցման հովանաւորութիւնը»,- կը տեղեկացնէ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը: «Կանոնաւոր ջրամատակարարումը զգալիօրէն կը հեշտացնի իրենց կեանքը: Լեռնային գօտում գտնուող այս շրջանում բարենորոգ ենթակառուցուածքների դերը առաւել կարեւոր է»:
Բնակիչներու կենցաղը հեշտացնելու ուղղութեամբ Հիմնադրամը Հադրութի մէջ ծրագրեր կ'իրականացնէ սկսած 2008 թուականէն: Հիմնադրամի կառուցած Տող-Հադրութ 20 քմ երկարութեամբ գազատարը գազով կ'ապահովէ քաղաքի եւ յարակից եօթ գիւղերու շուրջ 5200 բնակիչներուն, իսկ վերակառուցած եռայարկ շրջանային հիւանդանոցը կը ծառայէ շրջանի 12.000 բնակիչներու բուժսպասարկման կարիքներուն: