Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կարս նահանգի Մշակոյթի եւ արուեստի միութեան ղեկավար Վետաթ Աքչայէօզ հայ-թրքական սահմանին վրայ գտնուող Անիի աւերակները զբօսաշրջիկներուն ներկայացնելու համար խորհուրդ տուած է օգտուիլ «Հազար ու մէկ գիշերներ»-ու հեքիաթներէն:


Աքչայէօզ իբրեւ օրինակ նշած է, որ այստեղ «7 յարկ գետնի տակ» գրադարաններ եղած են, այստեղէն անցած են «Մետաքսի ճամբուն» հազարաւոր կարաւանները‘ իրենց բնորոշ պատմութիւններով:
Ան յիշեցուցած է, որ մինչեւ 1994 Անիի աւերակները «առաջին աստիճանի զինուորական արգիլուած գօտի էին, սակայն Անիի աւերակները Թուրքիոյ եւ յատկապէս Կարսի համար շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին:
«Այստեղի խորհրդաւոր կողմերը յառաջ քշելով ամբողջ աշխարհին աւելի լաւ կրնանք մատուցել պատմութիւնը: Անիի աւերակները բազմաթիւ մշակոյթներու եւ կրօններու խորհրդանիշ եղած են», ըսած է ան:
Աքչայէօզ ըսած է, որ Անատոլուն հասկնալու համար Կարսի բարձրավանդակով անցած ժողովուրդներուն ձգած մշակոյթը պէտք է ուսումնասիրել, իսկ այդ մշակոյթը շրջանի զարգացման համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է: