Յուլիս 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ՝ նուիրուած Հայկական Սփիւռքի ձեւաւորման եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու ձեռքբերումներուն եւ յորդորեց անոնց դառնալ իրենց բնակութեան երկրի «լաւագոյն» քաղաքացին՝ շարունակելով հայ մնալ:
Հ. Յակոբեանը մասնաւորապէս նշեց, որ Հայրենիքի առջեւ ծառացած են շարք մը խնդիրներ: Այդ խնդիրները պետութեան կողմէ կը ստանան իրենց աստիճանական լուծումները, բայց առաւել մեծ արդիւնաւետութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է համախմբել Հայաստանի եւ Սփիւռքի ջանքերն ու կարողութիւնները:
Դասախօսութեան աւարտին նախարար Հ. Յակոբեան ««Սփիւռք» ամառային դպրոց» ծրագրի «Հայոց լեզուի արագացած ուսուցում», «Ուսուցիչների վերապատրաստման դասընթացներ» եւ «Պարի դասընթացներ» բաժիններու մասնակիցներուն յանձնեց դպրոցի մասնակցութեան հաւաստագրեր եւ նշեց, որ այս նախագիծը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ: Ան «Հայոց լեզուի արագացած ուսուցման» բաժնի ուսուցիչներ Հիլդա Գալֆայեան Փանոսեանին եւ Անուշ Նագաշեանին յանձնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրեր՝ «Սփիւռք» ամառային դպրոցի իրականացման աջակցելու համար: