ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 13 Յուլիսին ժամը 14։00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ կայացնելու նպատակով հաւաքուած է 21 ստորագրութիւն։
Ստորագրողներն են՝ Դէմիրճեան Ստեփան, Փաշինեան Նիկոլ, Մանուկեան Արամ, Սարգսեան Լիւդմիլա, Զուրաբեան Լեւոն, Յակոբեան Ռուբէն, Արզումանեան Ալեքսանդր, Փոստանջեան Զարուհի, Բագրատեան Հրանտ, Ջհանգիրեան Գագիկ, Ռուստամեան Արմէն, Զոհրաբեան Նայիրա, Օսկանեան Վարդան, Ուրիխանեան Տիգրան, Քոքոբելեան Խաչատուր, Բաբայեան Վահան, Յովհաննիսեան Վահէ, Մարգարեան Ստեփան, Մինասեան Արծուիկ, Վարդանեան Էլինար եւ Յովհաննիսեան Վահան։
Նիկոլ Փաշինեան «Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ՀՅԴի անդամ Աղուան Վարդանեան եւս ուզած է միանալ նախաձեռնութեանը, սակայն քանի որ Հայաստան չի գտնուիր, իսկ ելեկտրոնային ստորագրութեամբ կարելի չէ միանալ, չէ կրցած ստորագրել։ Բայց եւ այնպէս Րաֆֆի Յովհաննէսեան Հայաստան կը գտնուի եւ անիկա անպայման պիտի միանայ։ Փաշինեան նշեց, որ հաւաքուած ստորագրութիւններով պէտք չէ սահմանափակուիլ։