Ռուսաստանի Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենտինա Մատվիենկոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը քննարկումներ ունեցած է Հայաստանի խորհրդարանէն ներս հայ գործընկերներու հետ հանդիպման ընթացքին: Քննարկուած են երկկողմ նշանակութեան հարցեր։


Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են  գործընկեր պետութիւններու փոխ գործակցութեան մակարդակով եւ նկատել տուած՝ որ վերջին 20 տարիներուն մէջ  կարողացած են շահաւէտ պայմանագրերով ամուր հիմքերու վրայ զետեղել յարաբերութիւնները։
Վալենտինա Մատվիենկոյի պատուիրակութիւնը  այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած է Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։ Յուշամատեանին մէջ ան արձանագրած է թէ՝ «հայութեան դէմ կատարուած այս ոճրագործութիւնը, մեծ յանցագործութիւն է ամբողջ մարդկութեան դէմ»։