Հասարակական կարծիքներու մասին հարցախոյզներու «Կալոփ» ամերիկեան ընկերութիւնը հրապարակած է 2011ին աշխարհի մէջ գործազրկութեան իսկական ծաւալը, որ սահմանուած է հարց-պատասխաններու հիման վրայ՝ ներառելով նաեւ անձեր,

որոնք կ՛աշխատին ոչ լրիւ աշխատանքային օր եւ կը փափաքին փոխել այդ պարագան: Սակայն անոնք, որոնք միայն քանի մը ժամ կ՛աշխատին եւ չեն ուզեր աշխատանքային լրիւ օր ունենալ, չեն համարուած գործազուրկներ:
Հայաստանի մէջ, ըստ «Կալոփ»ի՝ իրականութեան մէջ գործազուրկ է կանանց 73, իսկ տղամարդոց 62 տոկոսը:
Իսկ պաշտօնական տուեալներով՝ 2011ի Դեկտեմբերի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ գործազուրկներուն թիւը կազմած է վեց տոկոս՝ տարեսկիզբին համեմատ նուազելով մէկ տոկոսով:
Կանանց գործազրկութեան ցուցանիշը 70.9 տոկոս է եւ կը շարունակէ բարձր մնալ: Հայաստանի մէջ 2011 Մայիսին, ըստ ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան՝ պաշտօնապէս արձանագրուած էր 75,000 գործազուրկ, որոնցմէ 52 հազարը՝ կին:
Ատրպէյճանի մէջ այդ թիւերը կը կազմեն 63 եւ 54 տոկոս, Վրաստանի մէջ՝ 70 եւ 69, իսկ Իրանի մէջ՝ 81 եւ 75 տոկոս: