Յատուկ մրցանակ՝ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սակուրովին

«Ոսկէ ծիրան» երեւանեան 9-րդ միջազգային փառատօնի բացումը կը կատարուի այս շաբաթավերջին: Ինչպէս յայտարարուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ, առաջին անգամ ըլլալով պիտի յանձնուի յատուկ մրցանակ, որ անուանուած է «Եղիցի լոյս»: Մրցանակը սահմանուած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջարկով:


Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան տեղեկացուց, որ արդէն իսկ յայտնի է, թէ որուն պիտի յանձնուի մրցանակը: Ըստ անոր՝ «Եղիցի լոյս» առաջին մրցանակը պիտի շնորհուի աշխարհահռչակ ռուս բեմադրիչ Ալեքսանդր Սակուրովին, որ պիտի ըլլայ փառատօնի առանցքային հիւրերէն մէկը: «Սակուրովին, երբ տեղեկացրեցինք, որ ինքն է արժանանալու այս մրցանակին, յուզմունքից  չէր հանգստանում»,- ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ մրցանակը պիտի յանձնէ Յուլիս 12-ին, ժամը 16:00-ին Էջմիածնի մէջ, անձամբ վեհափառը:
Խաչատրեան աւելցուց, որ մրցանակով հետաքրքրուած են նաեւ միջազգային գործընկերները, իսկ նման մրցանակ ոչ մէկ փառատօնի եղած է:
Մրցանակ-արձանիկի հեղինակը ծանօթ ձեւաւորող Նուռն է, որ նշեց, թէ հաւատարիմ մնացած է խորհրդանիշեր օգտագործելու իր ոճին, եւ այս անգամ մրցանակը ստեղծուած է քրիստոնէական առաջին խորրդանիշ՝ ձուկի եւ սուրբ երրորդութեան գաղափարին վրայ: