Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման առաջընթացը՝ գլխաւոր առաջնահերթութիւն կը մնայ
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմ- պայ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ անոր ջանքերուն մասին ըսաւ ջերմ խօսքեր:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ձեր հինաւուրց, աշխարհի հնագոյն եկեղեցիները ունեցող երկրին մէջ», իր խօսքը Հերման Վան Ռոմպայ սկսաւ այս բառերով: Ան ողջունեց «Արեւելեան գործընկերութեան» ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան համագործակցութեան գործնական քայլերու ենթահողին մէջ մեր երկրին կողմէ կատարուող բարեփոխումները, որոնց ուղղութեամբ Հայաստանի գործադրած ջանքերը նկատելի են Եւրոպական Միութեան համար:
Բարձրաստիճան հիւրը նշեց, որ տակաւին ընելիքներ կան երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան հիմնարկներու զարգացման, կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ այլ հարցերու հետ կապուած, սակայն ձեռքբերումները նկատելի են:
Հայաստանը անուանելով Եւրոպական Միութեան գործընկեր՝ Հերման Վան Ռոմպայ նշեց, որ երկրին մէջ երկխօսութեան, փոխադարձ գործակցութեան մթնոլորտ ձեւաւորելը կը պահանջէ քաղաքական մեծ կամք, որ դիւրին խնդիր չէ, սակայն իրատեսական:
Հերման Վան Ռոմպայ իր ելոյթին զգալի մէկ մասը նուիրեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարին եւ ընդգծեց, որ Հայաստանը եւ Ատըրպէյճանը քայլեր պէտք է առնեն տագնապի լուծման ճամբուն վրայ եւ մեծ մտահոգութիւն արտայայտեց հայ-ատրպէյճանական սահմանին հրադադարի խախտման պատճառով մարդկային կորուստներուն առնչութեամբ:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը հաւաստիացուց, որ այսուհետեւ եւս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերը աջակցութիւն պիտի ստանան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի եւ Հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման հարցով:
Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, իր կարգին, ողջոյնի իր խօսքին մէջ նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցումը, ինչպէս նաեւ եւրոպական երկիրներուն հետ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է եւ գոհունակութիւն յայտնեց առ այն, որ Հայաստան-Եւրոպական համագործակցութեան երկկողմ շրջանակը վերջին տարիներուն զգալիօրէն ընդլայնուած է:
Պատգամաւորներուն առիթ չտրուեցաւ հարցումներ ուղղելու
Այս երկու ելոյթներով Ազգային ժողովին մէջ անսպասելիօրէն աւարտեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմպայ եւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու հանդիպումը՝ թէեւ նախապէս խմբակցութիւններուն յայտնուած էր, որ անոնց Հերման Վան Ռոմպային հարցեր ուղղելու կարելիութիւն պիտի տրուի, ինչ որ սակայն տեղի չունեցաւ:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան շատ մեծ սխալ նկատեց այս մէկը, «քանի որ Ազգային ժողովի պատգամաւորները իրենց հարցումներով ճիշդ ձեւակերպումներ պիտի տային այն պատկերացումներուն, որոնք այս երկրէն պէտք է տանէր եւրոպական կողմը»:
Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Ռոմպայի ելոյթէն դասեր պէտք է քաղել, բայց այդ դասը պատգամաւորները հարցումներ ուղղելու կարելիութենէն զրկելու մէջ պէտք չէ ըլլայ:
ՀՀ նախագահի հետ հանդիպում
Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ նախագահին հետ, ուր անդրադարձաւ Եւրոմիութեան որոշման՝ 25% տոկոսով աւելցնել Հայաստանին տրուող նիւթական աջակցութեան գումարը: Այսպէս 2012ի թուականին համար Հայաստանին տրուող Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի ծիրէն ներս գումարը՝ պիտի աւելնայ 15 միլիոն եւրոյի գումարով:
Վան Ռոմպայ ընդգծեց թէ այս գումարները պէտք է օգտագործուին հիմնական բարեփոխումներ կատարելու համար: