Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան  ընդունած է Արցախ այցելած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:

Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաճանեան, քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան, շրջանային հոլովոյթներուն եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին լուծման առնչուող հարցեր:
Երկուստեք կարեւոր նկատուած է Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջեւ աւելի աշխուժ եւ համակարգուած աշխատանքը, որ դրականօրէն պիտի ազդէ արտաքին քաղաքականութեան արդիւնաւէտ իրականացման վրայ։
Նախարար Նալբանդեան պատասխանելով «Արմենփրես»ի, նշած է թէ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սահակեանին տեղեկացուցած է Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ ունեցած հանդիպման մասին:
Մտքեր փոխանակւած են հիմնախնդրի կարգաւորման  գծով: