Երէկ 28 Յունիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է Համաշխարհային դրամատան փորձագէտներու խումբ մը:
Անոնց նպատակն է հետազօտել Հայաստանի մէջ ձեռնարկատիրութեան զարգացման, մասնաւորապէս այդ ոլորտին մէջ Սփիւռքի ներգրաւուածութեան եւ դերակատարութեան պայմաններն ու կացութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Յակոբեան ներկայացուցած է այս բանագաւառին մէջ նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներն ու տարուող աշխատանքները: Նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ գործող 4500 միջին առեւտուրներուն մէջ Սփիւռքը ունի 80 տոկոսի ներգրաւուածութիւն:
Նախարարը ըսած է, որ եթէ ճիշդ քարոզչութիւն կատարուի, այն ատեն սփիւռքահայերու մասնակցութիւնը մեծապէս կ՛աւելնայ ձեռնարկատիրական աշխատանքներուն մէջ։ Ան կարեւոր նկատած է միջազգային կառոյցներու աջակցութիւնը Սփիւռքի կարիքներուն: