ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 15-23 Սեպտեմբերին Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ տեղի  պիտի ունենայ երիտասարդ աստղագէտներու միջազգային դպրոց, որ բիւրականեան ամառային դպրոցներու շարքին 4րդն է։

Այս տարի դպրոցը պիտի կայանայ Անանիա Շիրակացիի 1400ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու շրջագիծին մէջ։ Դպրոցը կը կազմակերպուի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Բիւրականի աստղադիտարանի (ԲԱ) եւ Հայկական աստղագիտական ընկերութեան (ՀԱԸ) կողմէ: Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած են նշանաւոր աստղագէտներ, օրինակ՝ Միջազգային աստղագիտական միութեան նախագահ Ռոպըրթ Ուիլիըմզ (Միացեալ Նահանգներ), հնդիկ նշանաւոր տիեզերաբան Ճայանթ Նարլիկարը, Միացեալ Նահանգներու Քորնելի համալսարանի փրոֆեսէօրներ Երուանդ Թերզեանը եւ Ռիչըրտ Լովելասը, Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակի առաջին յաղթող Գարիկ Իսրայէլեանը (Սպանիա) եւ այլն, ինչպէս նաեւ Բիւրականի աստղագէտներ:
Դպրոցին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ ԱՊՀ երկրներու շուրջ 30 ուսանողներ: Դասախօսուող եւ քննարկուող նիւթերը պիտի ըլլան ցամաքային եւ տիեզերական աստղադիտակները եւ դիտողական արհեստագիտութիւնը, համակարգիչները եւ տուեալներու մշակման համակարգերը աստղագիտութեան մէջ, աստղագիտական գրքոյկները, շրջահայութիւնները, տուեալներու շտեմարանները եւ Վըրչուըլ աստղադիտարանները, զանազան եղանակներով մոլորակներու, աստղերու, միջամածութիւններու ուսումնասիրութիւնները, պատմաաստղագիտութիւնը եւ աստղագիտական ժառանգութիւնը:
Դասախօսութիւններէն զատ մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուին գործնական աշխատանքներ, դիտարկումներ եւ անոնց արդիւնքներու մշակում, ծանօթութիւն ԲԱ աշխատանքներուն եւ շրջագայութիւններ Հայաստանի մէջ: Դպրոցի մասնակիցները կարելիութիւն պիտի ունենան նաեւ մասնակցելու Վիքթոր Համաբարձումեանի միջազգային մրցանակի յանձնման եւ «Աստղագիտական ժառանգութիւնը ազգային մշակոյթում» նիւթով կայանալիք միջազգային պատմաաստղագիտական գիտաժողովին, որ նուիրուած է Շիրակացիի աստղագիտական ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ աստղագիտական արժէք ներկայացնող նիւ- թական եւ ոչ նիւթական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան:
Յիշեցնենք, որ բիւրականեան միջազգային ամառային դպրոցներու շարքը սկսած է 2006ին եւ կը կայանան երկու տարին անգամ մը: Նախորդ դպրոցներուն (2006, 2008, 2010) մասնակցած են 21 երկիրներէ 100է աւելի ուսանողներ: Դասախօսներու կարգին եղած են միջազգային համբաւ վայելող մասնագէտներ։