Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ Յունիս 26ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրը:

Ան ծաղիկներ զետեղեց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց նահատակներուն յիշատակը:
Այնուհետեւ Ֆիշըր այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր ծանօթացաւ 20րդ դարասկըզբին Օսմանեան Թուրքիոյ կատարած մեծագոյն ոճիրին խօսուն փաստերը հանդիսացող ցուցանմոյշներուն: Թանգարանի յուշամատեանին մէջ ան գրեց. «Խօսքեր չեմ գտներ նկարագրելու մարդկային այն մեծ ողբերգութիւնը, որ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ»։ Յիշատակի պուրակին մէջ ան նաեւ տնկեց եղեւնի մը։
Նշենք, որ Աւստրիան շարքին է այն պետութիւններուն, որոնք տակաւին չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն տեղւոյն հայկական համայնքը այս գծով աշխատանք կը տանի։
Հայաստան ու Աւստրիան կ'ամրապնդեն
բարեկամական յարաբերութիւնները
ԵՐԵՒԱՆ, 26 ՅՈՒՆԻՍ, ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ: ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Յունիս 25-ի երեկոյեան պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանեց Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշերը տիկնոջ՝ Մարգիթ Ֆիշերին հետ: Այցի ծիրէն ներս Աւստրիոյ նախագահը հանդիպումներ կþունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսի, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սար- գըսեանի հետ:
Հայաստանի եւ Աւստրիոյ նախագահները կը մասնակցին նաեւ երկու երկիրներու գործարարներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք համաժողովին:
Հայաստանը եւ Աւստրիան ստորագրած են Հայաստանի կառավարութեան եւ Աւստրիոյ կառավարութեան միջեւ երկկողմ արտաքին տնտեսական կապերու մասին, ներդրումներու խրախուսման եւ պաշտպանութեան մասին, օդային հաղորդակցութիւններու մասին, եկամուտներու եւ գոյքի կրկնակի հարկումը բացառելու մասին, Երեւան քաղաքի Քանաքեռ-Զէյթուն եւ Վիեննա քաղաքի 4-րդ համայնքներու միջեւ գործընկերութեան մասին, Հայաստանի կառավարութեան եւ Աւստրիոյ կառավարութեան միջեւ միջազգային փոխադրումներու մասին, մաքսային գործերուն մէջ համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին համաձայնագրերը:
Առկայ են նաեւ յուշագրեր Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Աւստրիոյ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին մէջ որակաւորումներու փոխադարձ ճանաչման համար խորհրդակցութիւններու մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան եւ Վիեննայի դիւանագիտական ակադեմիայի միջեւ, ՀՀ մշակոյթի, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններու եւ Աւստրիոյ Հանրապետութեան կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան մասին: Երկու երկիրներու միջեւ եղած են նաեւ բազմաթիւ բարձրաստիճան փոխայցեր:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման
Հայաստան այլընտրանք չի տեսներ: Աւստրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Հայնց Ֆիշերի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ըստ անոր խօսքերուն՝ վերջին մի քանի շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճանի սադրանքներու արդիւնքով զոհուեցան երիտասարդներ եւ իրավիճակը լարուեցաւ: Սերժ Սարգսեանը յիշեցուց մի քանի օր առաջ մեքսիկական Լոս Կաբոսի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու նախագահներու յայտարարութիւնը, ուր կոչ կþուղղուէր կողմերուն պահպանել 1994թ-ի հրադադարի պայմանները եւ կը շեշտուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պէտք է կարգաւորուի Հելսիկեան սկզբունքներու հիման վրայ, այն է՝ ուժի ու դրա սպառնալիքի չկիրառում, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգում եւ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան պահպանում: Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի որդեգրած առաւելապաշտական դիրքորոշումն է հիմնական խանգարող հանգամանքը: