Եւրասիական  միութեան  ստեղծում՝
Խորհրդային  Միութեան  հզօրութեամբ 
 

Տնտեսական-քաղաքական հսկայական նշանակութիւն ունեցող վճռորոշ քայլի մը կը դիմեն հինգ երկիրներ, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանը

Աշխարհի մէջ ուժանիւթային պահեստներու տեսակէտէտէ առաջին ուժը ըլլալու յաւակնութեամբ, ինչպէս եւ տնտեսական երրորդ ուժ հանդիսանալու հեռանկարով՝ կարեւոր նախաձեռնութեան մը մասին յայտարարեց Ռուսաստանի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, Սէն Փեթերզպուրկի մէջ գործարարներու խորհրդաժողովի մը ընթացքին խօսելով:
Ինչպէս կը յայտարարեն ռուսական եւ յունական լրատուամիջոցները, հինգ երկիրներէ բաղկացած միութիւնը միջուկային ռազմական հզօր ուժ պիտի դառնայ, որ պիտի գրաւէ մոլորակի հողային մակերեսի 1/6-ը:
Յունական defencenet.gr կը յայտնէ թէ միութիւնը կը կազմեն Ռուսաստան, Պելառուս, Ղազախստան, Տաճիկիստան եւ Հայաստան: Վկայակոչելով Տմիթրի Մետվետեւի յայտարարութիւնը, կայքէջը կը հաղորդէ, թէ մինչեւ 1 Յունուար 2015 ստեղծուած պիտի ըլլայ Եւրասիական  տնտեսական միութիւնը, որ երկրորդ հանգրուանով՝ միացեալ դրամանիշ պիտի որդեգրէ:
«Պէտք չէ աճապարել միացեալ դրամանիշ ստեղծելու ծրագրին մէջ՝ եւրոյի բացասական դասերը ուղղակիօրէն նկատի առնելով» դիտել տուած է Ռուսաստանի վարչապետը, որ աւելցուցած է, թէ նշեալ երկիրները մինչեւ որոշուած թուական, պէտք է կազմած ըլլան մաքսային միացման հնարաւորութիւններ ընծայող  կառոյց մը:
Յունական կայքէջը կը նշէ թէ արդէն ստեղծուած է Խորհրդատուական Յանձնաժողով մը, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան կազմութեան առաջնորդող  քայլերը պիտի քննէ  եւ հանգրուանային ծրագիր պիտի մշակէ:
Defencenet.grի գնահատմամբ՝ Եւրասիական տնտեսական այսպիսի միութիւն մը, ուղղակիօրէն Չինաստանի եւ ԱՄՆի հանդէպ   կանգնած տնտեսական գերուժ պիտի հանդիսանայ, յատկապէս հումքերու եւ հանքային հարստութեան տեսակէտէ: Ազատ շուկայական պայմաններու մէջ պիտի գործեն մօտ 300.000.000 սպառողներ, մինչ Եւրասիական տարածաշրջանը Միջին Արեւելքի ռազմավարական վերահսկողութեան եւս նպաստող զօրաւոր գործիք պիտի դառնայ, որ պիտի հզօրացնէ ռուսական կողմը: