Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Հայաստանեան պատուիրակութեան տուեալներով, Հայաստանէն անյայտ կորածներու թիւը կը հասնի 407-ի, Լեռնային Ղարաբաղէն՝ 449-ի:

Հայաստանի գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով յանձնաժողովի աշխատանքային խումբի ղեկավարը կÿըսէ, թէ հայկական կողմը հաւաստի տեղեկութիւններ ունի այն մասին, որ անյայտ կորածներէն 90-ը կենդանի են: Անոնց վերաբերեալ վերջին տեղեկութիւնները ստացուած են 2005 թուականին:


Հայաստանի գերիներու, պատանդներու  եւ անյայտ կորածներու  հարցերով յանձնաժողովին մօտ յոյս կայ, որ երեք տարուայ ընդմիջումէն  յետոյ Ատրպէյճանը պիտի վերսկսի համագործակցութիւնը՝  համաձայնելով մասնակցիլ հայկական կողմի հետ հանդիպման: Այժմ հայկական կողմը կը սպասէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու արձագանգին՝  երրորդ երկրի մը մէջ  հանդիպում կազմակերպելու  վերաբերեալ:
Հայաստանը Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով վերջնական տեսքի բերած է  ակնկալուող հանդիպման աշխատանքային օրակարգը ե ւ այն մայիսին պաշտօնապէս փոխանցած  է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն: Այս մասին «Ազատութիւն» ռատիոկայանին փոխանցեց Հայաստանի գերիներու յանձնաժողովի աշխատանքային խումբի ղեկավար Արմէն  Գաբրիէլեանը:
2009 թուականէն արդէն ի զօրու է Հայաստանի առաջարկը Ատրպէյճանի՝ թէ երրորդ երկրի մը մէջ պէտք է հանդիպիլ ու լուծել այս հարցը: Ատրպէյճանի յանձնաժողովը  այս առաջարկին միայն երեք տարի յետոյ է որ  արձագանգած է, հաւանութիւն տալով հանդիպումը կազմակերպելու մասին,  թէեւ Ատըրպէյճանի նախնական համաձայնութեան վերաբերեալ որեւէ փաստաթուղթ չկայ:
Կարմիր Խաչը եւս տեղեակ է, ու իր համաձայնութիւնը տուած է թեքնիք հարցերու մասին աջակցութիւն ցուցաբերելու կապակցութեամբ: Հանդիպման նպատակն է քննարկել ոչ թէ քաղաքական, այլ մարդասիրական հարցեր: Մասնաւորապէս, Հայաստանը  մտադիր է անդրադառնալու  ղարաբաղեան պատերազմի հետեւանքով անյայտ կորածներու, գերեվարուած անձերու, ինչպէս նաեւ զոհուած մարտիկներու  աճիւնները ետ վերադարձնելու հարցերուն:
Գաբրիէլեանը կ'աւելցնէ, թէ  իրենք մարդասիրական հարցեր կը  բարձրացնեն, որոնց աւելի քան երեք տարի է Ատրպէյճանի յանձնաժողովը  անպատասխան թողած է:
«Այսինքն քաղաքական քարոզչութեամբ եւ ապատեղեկատուութեամբ են զբաղւում, իսկ լուրջ մարդասիրական աշխատանք բացարձակապէս չեն  տանում», - կ'ըսէ ան: