Հակառակ Սուրիոյ տագնապի սրման եւ Եւրոպայի մէջ հասարակական անկարգութիւններուն, աշխարհը աւելի խաղաղ դարձած է, նշուած է վերջերս հրապարակուած Համաշխարհային խաղաղութեան աղիւսակին մէջ:

Աշխարհը խաղաղութեան ցուցանիշերով բարելաւում արձանագրած է, մասնաւորաբար ափրիկեան երկիրներուն մէջ: Ասիկա աշխարհի մակարդակով վերջին երկու տարուան ընթացքին խաղաղութեան ցուցանիշի առաջին բարելաւումն է: Անդրսահարեան Ափրիկէն այլեւս աշխարհի ամէնէն քիչ խաղաղ շրջանը չէ, այլ՝ Միջին Արեւելքը եւ Հիւսիսային Ափրիկէն՝ «Արաբական գարնան» պատճառով:
Հայաստան իր շրջանի ամէնէն խաղաղ երկիրն է: Ան գրաւած է ցուցակին 115-րդ դիրքը, Իրանը 128-րդը, Թուրքիան՝ 130-րդը, Ատրպէյճանը՝ 132-րդը, իսկ Վրաստանը՝ 141-րդը:
Միջին Արեւելքէն բացի աշխարհի բոլոր միւս շրջաններուն մէջ բարելաւման ցուցանիշ արձանագրուած է: Վիճակի ամէնէն ծայրայեղ վատթարացումը արձանագրուած է Սուրիոյ մէջ: Սուրիա իր դիրքը զիջած է 30 կէտով: