Ատրպէյճանի Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սարտար Ճալալօղլու խստօրէն քննադատած է Նախիջեւանի  կրթութեան եւ մաքսային կառոյցները ինքնավար հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին յանձնելու նախաձեռնութիւնը,

եւ յայտարարած է, թէ նման ջանքեր վնաս կը հասցնեն Ատրպէյճանի շահերուն եւ թէ «նման նախաձեռնութիւններ հող կը պատրաստեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին տրուելիք կարգավիճակին համար»:
«Այս մէկը շատ վտանգաւոր եւ անջատողական գործողութիւն է: Ատըրպէյճան պէտք է կառավարուի մէկ կեդրոնէ:  Նախիջեւանը պէտք է  կառավարուի այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանի որեւէ շրջան: Նախիջեւանին տրուած կարգավիճակը պէտք է վերացուի», ըսած է ան:
Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը  ապօրինաբար ստեղծուած է 1924ին: