Երէկ իրագործուած պաշտօնական արարողութեամբ, հանրութեան յանձնուեցաւ հայկական տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած նոր նամակադրոշմերու շարքը:
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս, ի ներկայութիւն՝ Յասմիկ Պօղոսեանի, Գագիկ Բեգլարեանի եւ այլ նախարարներու եւ «Հայ փոսթ»ի ներկայացուցիչներու:
Ողջոյնի իրենց խօսքերուն մէջ, բոլորը անդրադարձան հայ գիրն ու գիրքը պահելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութեան: