Անցնող շաբաթավերջին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրերու հիմամբ՝ ամբողջութեամբ կազմուած է Հայաստանի նոր կառավարութիւնը:

Նախկին կառավարութենէն արդէն Հանրապետական կուսակցութեան միջոցաւ նախարարներու պաշտօններ զբաղեցուցած բոլոր անձերը կը շարունակեն աշխատիլ նաեւ նոր կառավարութեան կազմէն ներս:
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախարարական չորս նախկին տեղերը եւս փոխանցուեցան Հանրապետականին։ Որոշուեցաւ, որ այդ նախարարութիւններէն մէկի ղեկավարի՝ քաղաքաշինութեան նախարարի պաշտօնը տրուի «Օրինաց երկիր» կուսակցութեան, իսկ անոր փոխարէն՝  Հանրապետականը պիտի տնօրինէ նախապէս «Օրինաց երկիր»-ին պատկանող փոխադրութեան եւ կապի նախարարի պաշտօնը։
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնին վրայ նշանակուեցաւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ռեկտոր Դերենիկ Դումանեանը, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնին՝ մինչ նոր նշանակումը փոխ նախարար Արտեմ Ասատրեանը, իսկ փոխադրութեան եւ կապի նախարարի պաշտօնին՝ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանը։
Սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերու նոր նախարարը այժմ անկուսակցական է՝ Հրաչեայ Ռոստոմեանը։ Ան Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղարն էր: Փոխ վարչապետի պաշտօնը պիտի շարունակէ  զբաղեցնել տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը։
«Օրինաց երկիր»-ին տրուեցան երեք նախարարութիւններ՝ գիւղատնտեսութեան, արտակարգ իրավիճակներու եւ քաղաքաշինութեան։ Արմէն Երիցեանը եւ Սերգօ Կարապետեանը կը շարունակեն ղեկավարել արտակարգ իրավիճակներու եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնները, իսկ քաղաքաշինութեան նախարարի պաշտօնին նշանակուեցաւ նախկին պատգամաւոր, «Օրինաց երկիր» խմբակցութեան անդամ Սամվէլ Թադէոսեանը։

Ոչ Ոք Պէտք է Կասկածի Այն Վճռականութեան ու Խստապահանջութեան, Որմով Մենք Գործի Կը Լծուինք. Սերժ Սարգսեան
Կառավարութեան արտահերթ նիստը վարած է ՀՀ նախագահը: Մինչ նիստի օրակարգին անցնիլը, նախագահը շնորհաւորած է կառավարութեան անդամները՝ անոնց նշանակման առիթով եւ նշած, որ կառավարութեան նոր կազմին մէջ կը շարունակէ աշխատիլ նախկին նախարարներուն մեծ մասը, նշանակուած են նաեւ նոր նախարարներ, որոնք ունին կառավարչական եւ կազմակերպչական բաւարար աշխատանքային հմտութիւններ:
Նիստի օրակարգի հարցերու ծիրէն ներս վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրը, որ արժանացած է հաւանութեան: Սահմանուած կարգով, ան կը ներկայացուի ՀՀ Ազգային ժողով:
Նիստին ընդունուած է նաեւ ՀՀ ԱԺ արտահերթ նստաշրջան գումարելու վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեան վերաբերեալ որոշումը: Որոշման համաձայն, կառավարութիւնը առաջարկած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահին՝ ՀՀ Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք գումարել ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջան:
Հանրապետութեան նախագահը նիստին աւարտին՝ նոր ձեւաւորուած կառավարութեան անդամներուն կոչ ըրած է տրամադրուիլ ծանր, բայց պատուաբեր աշխատանքի, եւ յաջողութիւն մաղթած է անոնց:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սերժ Սարգսեանի խօսքը.

«Յարգելի՛ գործընկերներ,

Կարծում եմ այստեղ ոչ ոք չի կասկածում, որ մենք՝ ձեզ հետ միասին, ծաւալուն ու դժուարին աշխատանք ունենք անելու: Վստահութեան այն հսկայական վարկը, որ մենք ստացել ենք մեր ընտրողներից, կրկնապատկել է մեր պատասխանատւութիւնը: Նաեւ կարծում եմ, որ ոչ ոք չպէտք է կասկածի այն վճռականութեանն ու խստապահանջութեանը, որով մենք լծւում ենք գործի:
Ես ձեզ կոչ եմ անում տրամադրուել ծանր, բայց պատուաբեր աշխատանքի: Սա առաքելութիւն է: Ընտրութիւններում յաղթել չի նշանակում հանգստանալ դափնիների վրայ: Ճիշդ հակառակը՝ մեզ ոչ ոք դափնիներ չի խոստացել: Մեզ այստեղ են ուղարկել աշխատելու՝ աշխատելու անձնուրաց, բարեխղճօրէն, պարտքի մեծագոյն գիտակցումով:
Մայիսի 6-ի ընտրութիւններից յետոյ մենք ունենք որակապէս նոր՝ անհամեմատ աւելի բաց հասարակութիւն: Դա նշանակում է, որ կառավարութեան անդամների թէ՛ պաշտօնավարման, թէ՛ կենցաղավարման քայլերին ամէն պահի հետեւելու են ո՛չ միայն  նախագահն ու խորհրդարանը, այլեւ ողջ հասարակութիւնը: Սա իր հերթին նշանակում է, որ նոր կառավարութիւնը նոյնպէս պէտք է լինի որակապէս նոր մակարդակի վրայ:
Կառավարութեան կազմում մենք յեղափոխական փոփոխութիւններ չենք կատարել, ինչպէս տեսնում էք: Դա պայմանաւորուած է ծրագրերի եւ արդէն իսկ ընթացքի մէջ գտնուող բարեփոխումների թափը չջարդելու մտադրութեամբ: Սակայն սա չի նշանակում, որ մենք յեղափոխական արդիւնքներ չենք ակնկալելու գործադիրի աշխատանքից: Մենք մեր քաղաքացիներին փոփոխութիւններ ենք խոստացել, փոփոխութիւններ, որոնք կը հասնեն իւրաքանչիւրի կեանքի որակից մինչեւ պետական կառավարում, աշխատելու ու վաստակելու հնարաւորութիւններից մինչեւ բարձրակարգ կրթութեան ու առողջապահութեան հասանելիութիւն: Ամէնուր: Եւ այդ փոփոխութիւնները չպէտք է ուշանան»:
ՀՀ նախագահը անդրադարձած է անցեալ տարիներու  ամենակարեւոր ձեռքբերման՝  Հայաստանի  տնտեսութեան կերպարանափոխման համակարգին: