5-րդ գումարման Ազգային Ժողովի 12 մշտական յանձնաժողովները արդէն ամբողջութեամբ ձեւաւորուած են, բացառութեամբ յանձնաժողովներու նախագահներու տեղակալներուն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Թերթ.am», նախկին՝ 4-րդ գումարման ԱԺ-էն նոր ԱԺ վերընտրուած պատգամաւորները հիմնականօրէն մնացած են իրենց նախկին յանձնաժողովներուն մէջ, հետեւաբար հետաքրքրական է դիտարկել, թէ ո՞ր յանձնաժողովներուն մէջ ընդգրկուած են 5-րդ գումարման ԱԺ-ի «նոր» պատգամաւորները: Այսպիսով, շուրջ 60 նորընտիր պատգամաւորներէն ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած են նախկին արտաքին գործոց նախարարներ՝ Վարդան Օսկանեանն (ԲՀԿ) ու Ալեքսանդր Արզումանեան («Ժառանգութիւն»), Նիկոլ Փաշինեան (ՀԱԿ), Գուրգէն Արսէնեան (ԲՀԿ), Արտաշէս Գեղամեան (ՀՀԿ), Սամուէլ Ֆարմանեան (ՀՀԿ), Վահան Բաբայեան (ԲՀԿ), Համլէտ Յարութիւնեան (ՀՀԿ ): Նոյն յանձնաժողովի կազմին մէջ իբրեւ շարքային անդամ ընդգրկուած է նաեւ 3-4-րդ գումարման ԱԺ-ի նոյն յանձնաժողովին նախագահ Արմէն Ռուստամեան (ՀՅԴ):
Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կը համարուի ԱԺ մեծաթիւ յան- ձնաժողովներէն մէկը, ուր ընդգրկուած է 15 պատգամաւոր: Այս մասին կը տեղեկանանք ԱԺ պաշտօնական կայքէն, որուն տուեալները վերջերս թարմացուած են:
Աւելցնենք, որ նորընտրի պատգամաւորներէն 49-ը խորհրդարան մտած են ՀՀԿ-ի եւ ԲՀԿ-ի, 7-ը՝ ՀԱԿ-ի, իսկ 3-ը՝ «Ժառանգութեան» համամասնական ցուցակներով: Իսկ անկուսակցական մէկ պատգամաւոր՝ Էտմոն Մարուքեան ընտրուած է Վանաձորէն՝ մեծամասնական ընտրակարգով:
ԱԺ Պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած են ՀՀԿ ցուցակով խորհրդարանին մէջ ներկայացուած «Երկրապահ կամաւորականներու միութեան» նախագահ Մանուէլ Գրիգորեան, ՀԱԿ անդամ Գագիկ Ջհանգիրեան, ՀՀԿ-ական Մհեր Սեդրակեան եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն Խաչատուր Քօքոբելեան:
ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամներն են‘ ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան անդամներ Շուշան Պետրոսեան, Կարինէ Պօղոսեան, Հայկ Պապուխանեան, Արթուր Գէորգեան (Դաւիթաշէնի նախկին թաղապետ, ՀՀ ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանի փեսան եւ Ռուբէն Գէորգեանի (Ծաղիկ Ռուբօ) եղբօրորդին), «Ժառանգութենէն»՝ Ռուբիկ Յակոբեան, ՀԱԿ-էն՝ Արամ Մանուկեան, ՀՅԴ-էն՝ Աղուան Վարդանեան:
ԱԺ Առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամներ են՝ ԲՀԿ անդամներ՝ Վահէ Յովհաննիսեան եւ Աբրահամ Մանուկեան:
ԱԺ Գիւղատնտեսութեան եւ բնապահպանական հարցերու մշտական յանձնաժողովին մէջ առաջին անգամ ընտրուած պատգամաւորներ ընդգրկուած չեն:
ԱԺ Եւրոպական ընդելուզման հարցերու մշտական յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած են՝ Արամ Մանուկեան (ՀԱԿ), Յովհաննէս Սոֆոյեան, Հայկ Գրիգորեան, Նայիրա Կարապետեան (ՀՀԿ), Մհեր Շահգելտեան (ՕԵԿ), Արա Արամեան (ԲՀԿ):
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած նորընտիր պատգամաւորներն են՝ ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութենէն Ստեփան Տէմիրճեան (ՀԺԿ նախագահ), ԲՀԿ-էն Էլինար Վարդանեան, որ յանձնաժողովին նախագահն է, «Ժառանգութիւն»-էն Ալեքսանդր Արզումանեան, Կարէն Բոթոյեան‘ ՕԵԿ-էն, Մարգարիտ Եսայեան՝ ՀՀԿ-էն:
Պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած են Արփինէ Յովհաննիսեան, Լեւոն Մարտիրոսեան (ՀՀԿ), Մհեր Շահգելտեան (ՕԵԿ ), Տիգրան Ուրիխանեան (ԲՀԿ), Գագիկ Ջհանգիրեան (ՀԱԿ):
Հայաստանի գլխաւոր դատախազին եղբայրը, Աջափնեակ համայնքի նախկին թաղապետ Ռուբէն Յովսէփեան եւ հանրապետական Վրէժ Մարկոսեան, ՀԱԿ-էն Լիւտմիլա Սարգսեան, ՀՅԴ-էն Աղուան Վարդանեան ընդգրկուած են ԱԺ Հասարակական հարցերու մշտական յանձնաժողովին մէջ:
Հանրապետականներ՝ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան, Թալինի քաղաքապետ Մնացական Մնացականեան եւ ՀԱԿ-էն Նիկոլ Փաշինեան ընդգրկուած են Տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման հարցերու մշտական յանձնաժողովին մէջ:
ՀՀ նախկին վարչապետ, ԱԺ ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ Հրանտ Բագրատեան եւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութենէն Խաչատուր Քօքոբելեան ընդգրկուած են միաժամանակ՝ ԱԺ Տնտեսական եւ ԱԺ ֆինանսավարկային, պիւտճետային յանձնա-ժողովներուն մէջ:
Հանրապետական Կարէն Կարապետեան եւ ԱԺ նախկին նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան՝ ԱԺ Ֆինանսավարկային, պիւտճետային յանձնաժողովին մէջ: