Արցախ հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները ողջունած են ԱՄՆ Ռոտ Այլընտ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատի ընդունած բանաձեւը, որ կոչ մըն է ուղղուած ԱՄՆ նախագահին եւ Քոնկրեսին՝ ճանչնալու ԼՂՀ անկախութիւնը:


 ԼՂՀ ԱԺ խմբակցութիւններու տարածած յայտարարութեան բնագիրը ստորեւ կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.-
 2012 թ. Մայիսի 17ին ԱՄՆ Ռոդ Այլենդ նահանգի ներկայացուցիչների պալատը ընդունել է բանաձեւ, որով ԱՄՆ նախագահին եւ Կոնգրեսին կոչ է անում ճանաչել ԼՂՀ անկախութիւնը:
Բանաձեւում նաեւ խրախուսւում է «որպէս ազատ եւ անկախ հանրապետութիւն զարգանալու ԼՂՀ ջանքերը» եւ դրական գնահատական է տրւում «երկրի կառուցողական ներգրաւուածութեանը միջազգային կառոյցներում եւ տարածաշրջանային առկայ խնդիրների արագ կարգաւորմանը հասնելու ջանքերին»:
Հաշուի առնելով, որ արցախեան հիմնահարցի հանգուցալուծման մէջ ԼՂՀ միջազգային ճանաչումը կարեւորագոյն դեր է խաղում, որը նաեւ կը բերի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան, ԼՂՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն», «Ժողովրդավարութիւն», «Հայրենիք» խմբակցութիւնները եւ «Արցախատուն» պատգամաւորական խումբը ողջունում են վերոյիշեալ բանաձեւի ընդունումը, միաժամանակ ակնկալելով, որ այս գործընթացը շարունակական կը լինի եւ Ամերիկայի Միացիալ Նահանգները սկզ-բունքային եւ կառուցողական դիրքորոշում կը ցուցաբերի ԼՂՀ միջազգային ճանաչման հարցում»:
 Յայտարարութիւնը ստորագրած են՝ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը (Արմէն Սարգսեան), «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւնը (Ժաննա Գալստեան), «Հայրենիք» խմբակցութիւնը (Գ. Պետրոսեան) եւ «Արցախատուն» պատգամաւորական խումբը (Գ. Գրիգորեան):