Հայաստանի մէջ վերջին 8 տարիներուն, աւանդութիւն դարձած է նշել Սայաթ Նովայի ծննդեան թուականը՝ իրեն յատուկ տօնակատարութեամբ, որ կը կոչուի Վարդատօն
Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան
հիմնեց Վարդատօնը՝ նշելու համար
Սայաթ Նովայի 200-ամեակը
«Սայաթ Նովա» մշակութային միութեան նախագահ Թովմաս Պօղոսեան յայտարարած է, որ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած Վարդատօնի ծիրին մէջ 20 Մայիսին ժամը 11:30-ին դպրոցականներ, մտաւորականներ քայլարշաւով Չարենց-Սայաթ Նովա փողոցի հանդիպման կէտէն ուղղուած են մինչեւ Սայաթ Նովայի յուշարձանը, ուր իւրաքանչիւր այցելուի տրուած է վարդ մը, որպէսզի զետեղեն յուշարձանին առջեւ, ապա տեղի ունեցած է երգահանդէս մը, իսկ քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան Սայաթ Նովայի երգերը հնչած են: Թովմաս Պօղոսեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի մէջ ութ տարիէ ի վեր կը նշուի այս տօնը:
Մայիսի վերջին Կիրակի օրը անոնք պիտի երթան Վրաստան‘ մասնակցելու Թիֆլիսի մէջ կայանալիք նախաձեռնութիւններուն: Հոն եւս պիտի կայանան քայլարշաւներ, երգահանդէսներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ:
Հաղորդենք, որ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան հիմնեց Վարդատօնը՝ նշելու համար Սայաթ Նովայի 200-ամեակը: «Յոբելեանը նշելը գիտական բանավէճ չէ եւ ամէն մարդ ունի ընտրութեան իրաւունք. Սայաթ Նովան մեր ժողովուրդի այն մեծութիւնն է, որուն իւրաքանչիւր տարին պէտք է ըլլայ տօն: Այս աւանդութիւնը իբրեւ սրբութիւն կը պահպանուի ամէն տարի», յայտնած է Թովմաս Պօղոսեան:
Նշենք, նաեւ որ Սայաթ Նովայի 300-ամեակին առիթով կազմուած է կառավարական յանձնախումբ, եւ նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ:
Անդրադառնալով Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնները մեկնաբանելու երեւոյթին՝ Թովմաս Պօղոսեան նշած է, որ դէմ չէ զանոնք նորացուած, ժամանակակից կերպով ներկայացնելու գաղափարին, եթէ անոնք կը կատարուին հայեցի, բարձր ճաշակով եւ մասնագիտական կերպով: