Երեւանի «Ակադեմիա» պատկերասրահին մէջ մի քանի օր առաջ տեղի ունեցած է Յունաստանէն Երեւան ժամանած նկարչուհի Մարիանա Մանուկեանի գործերուն առաջին ցուցահանդէսին բացումը,
որուն ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ազատ Գասպարեանը, սփիւռքահայ բարերար Վահագն Յովնանեանը եւ այլ հիւրեր: Մարիանա Մանուկեանի նկարները բազմաժանր ու գունագեղ են: Հայրենիքի կարօտը, ծաղիկներ, յատկապէս վարդերը լուսանկարիչին գործերուն «գլխաւոր հերոսն են»: Ցուցա
հանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 25 Մայիս։
Հետաքրքրական է անոր աթոռներու շարքը, ուր կան մարդու մտորումները անցեալի, ներկայի ու ապագայի մասին, կայ անոր յոյսը, որ երբեք չի մեռնիր