ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներու բոլոր դասարանները իրենց ուսումնական տարեշրջանը պիտի աւարտեն 25 Մայիսին։ Այս տարի ուսումնական հանրակրթական հաստատութիւնները պիտի աւարտեն մօտ 40 հազար շրջանաւարտներ:
Լրագրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին այդ մասին յայտնած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեան:
Ան նշած է, որ 1 Յունիսին շրջանաւարտները աւարտական եւ միասնական քննութիւններ պիտի յանձնեն: Յովհաննիսեան նաեւ շեշտած է, որ այս տարի եւս դպրոցներուն մէջ կաշառքները կանխող «թէժ գիծ» հաստատուած է, սակայն նախորդ տարիներուն հետ բաղդատելով՝ ահազանգները քիչ են:
Խօսելով քանի մը օր առաջ համացանցին վրայ տարածուած այն տեսանիւթերուն մասին, որոնց մէջ դպրոցական աղջիկներ իրարու կը հայհոյեն ու կը ծեծեն, Նարինէ Յովհաննիսեան վստահեցուց, որ անոնք եզակի պարագաներ են՝ յայտնելով, որ նախարարութիւնը տեղեակ չէ, թէ ո՛ր դպրոցէն են այդ աշակերտները:
Երեւանի Մէջ Շուրջ 7 Հազար Մանուկներ Հերթագրուած Են Մանկապարտէզ Յաճախելու
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ գործող ոչ մէկ մանկապարտէզ ջերուցման խնդիր ունի։ Այս մասին յայտարարեց Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեանը՝ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Անոր համաձայն, ընթացիկ ուսումնական տարեշրջանին նախակրթականներուն մէջ տեղի ունեցած են կարգ մը փոփոխութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը այն է, որ մանկապարտէզները սկսան գործել անվճար, որուն շնորհիւ ալ աշակերտներուն թիւը բարձրացաւ: Այդ թիւի յաւելումով նոր դասարաններ հաստատելու անհրաժեշտութիւն ծագեցաւ։ «Եւ մենք որոշեցինք, որ այն սենեակները, որոնք մինչ այդ վարձակալութեամբ էին տրուած, ձեւաւորուեն որպէս մանկապարտէզ- ների խմբասենեակներ», նշեց Սողոմոնեան՝ աւելցնելով, որ մանկապարտէզներուն մէջ տակաւին այլ խնդիրներ ալ կան: Անոնց հիմնականը այն է, որ մօտ 7 հազար մանուկներ հերթագրուած են մանկապարտէզ յաճախելու, որոնց համար տեղ չկայ։
Միւս փոփոխութիւնը այն է, որ եթէ նախապէս մանկապարտէզներու տնօրէնները կը նշանակուէին, հիմա արդէն անոնք մրցանակով կ՛ընդունուին աշխատանքի: Գայիանէ Սողոմոնեան ըսաւ, որ մանկապարտէզներուն մէջ հաս- տատուած են 6 կեդրոններ՝ կրթութեան յատուկ կարիք ունեցող մանուկներուն նախադպրոցական կրթութիւնը փոխանցելու համար: Բոլոր նախա- դպրոցական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնասիրութիւն կատարուած է, վերահսկողութեան ենթարկուած է մանկապարտէզներուն մէջ մանուկներուն տրուող սնունդը։ Այս քննութիւններու լոյսին տակ թերութիւններ նկատուած են, եւ 5 տնօրէններ աշխատանքէ արձակուած են։
Նախակրթականներուն մէջ տեղի ունեցած են կարգ մը փոփոխութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը այն է, որ մանկապարտէզները սկսան գործել ան-վճար, որուն շնորհիւ ալ աշակերտներուն թիւը բարձրացաւ:
Այդ թիւի յաւելումով նոր դասարաններ հաստատելու անհրաժեշտութիւն ծագեցաւ։