ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 18 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան պետ Աբրամ Բախչագուլեան յայտնեց, որ Հայաստան Եւրոպական Միութիւն վայրի խեցգետին կ՛արտածէ:

Ըստ անոր, ԵՄը հայաստանեան արտադրողներէն կը պահանջէ արտածելէ առաջ Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն համապատասխանող տարրալուծարանային քննութիւններ կատարել։ «Այդ պատճառով Հայաստանից ԵՄ երկրներ արտահանւում է միայն վայրի խեցգետին, քանի որ մեր ստանդարտները անասնաբուծութեան կոնկրէտ այդ ճիւղում ԵՄ սննդի անվտանգութեան լապորաթոր փորձաքննութեան չափանիշներին համապատասխանում են», ըսաւ Ա. Բախչագուլեանը:
Նշենք, որ 2011ին Հայաստանի մէջ 1000 թոն վայրի խեցգետին որսալու արտօնութիւն տրուած էր, իսկ 2012ին՝ 800 թոն:
Ա. Բախչագուլեանի համաձայն, Հայաստան պէտք է ստեղծէ տարրալուծարանային փորձաքննութիւններու ցանց, որպէսզի կարենայ Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն համապատասխան ըլլալ։ Ան  նաեւ յիշեցուց, որ սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ռազմավարութեան ծիրին մէջ դէպի Եւրոպական Միութիւն արտածուած են հիմնականօրէն ձկնեղէն, միրգ-բանջարեղէն ու մեղր: