Երէկ կայացած արտահերթ նիստի ընթացքին եւ որպէս հիմք ընդունելով ընտրական տեղամասերուն մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու վերաբերեալ արձանագրութիւններն ու վերահաշուարկի արդիւնքները, ՀՀ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը կազմեց արձանագրութիւն՝ քուէարկութեան արդիւնքներու վերաբերեալ:
Հոն արձանագրուած է հետեւեալը.- «Որպէս հիմք ընդունելով քուէարկութեան արդիւնքների վերաբերեալ արձանագրութիւնը, յանձնաժողովներում ստացուած դիմումների (բողոքների) քննարկման արդիւնքով ընդունած որոշումները, տեղամասային ընտրական յանձնաժողովների գրանցամատեաններում քուէարկութեան օրն արձանագրուած խախտումների վերաբերեալ ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովների որոշումները, քուէարկութեան արդիւնքների վերաբերեալ ընդունած որոշումները՝ յանձնաժողովն ամփոփել է ընտրութեան արդիւնքները եւ ընդունել որոշում՝ Ազգային ժողովի համամասնական ընտրակարգով պատգամաւորներ ընտրուելու մասին: Համաձայն ՀՀ ԿԸՀ որոշման՝ Ազգային ժողովի համամասնական ընտրակարգով պատգամաւորներ են ընտրուել.-
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ընտրական ցուցակից 28 պատգամաւոր,
«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ընտրական ցուցակից 5 պատգամաւոր,
«Հայ Ազգային կոնգրես» կուսակցութիւնների դաշինքի ընտրական ցուցակից 7 պատգամաւոր,
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան ընտրական ցուցակից 5 պատգամաւոր,
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ընտրական ցուցակից 40 պատգամաւոր,
«Օրինաց երկիր» կուսակցութեան ընտրական ցուցակից 5 պատգամաւոր:
ԿԸՀ մամլոյ ծառայութիւն»: