Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ ՀՅԴ-ն հրաւիրած էր հաւաք մը, որուն ներկայ էին ընտրական յանձնախումբերու անդամներ եւ այն խումբը, որ 6 Մայիսին ընտրական տեղամասերուն մէջ պայքարեցաւ Դաշնակցութեան համար:

Հանդիպումը նուիրուած էր Շուշիի ազատագրման եւ Յաղթանակի օրուան: Սակայն ընդհանուր գիծերով ներկայացուեցան նաեւ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ ՀՅԴ-ի յառաջիկայ աշխատանքները:
Նախապէս հրապարակուած էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը, որով ամփոփ գնահատական տրուած էր ընտրական հոլովոյթին եւ նախանշուած էին կուսակցութեան յառաջիկայ աշխատանքները, իսկ տուեալ հաւաքին ընթացքին ընտրութեան մասնակցած խումբին եւ կուսակցական ընկերներուն աւելի խորքային եւ հիմնաւոր գնահատականներ տրուեցան տեղի ունեցածին վերաբերեալ:
Հանդիպումին բացումը կատարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահբազեան, որ ներկաները շնորհաւորեց Շուշիի ազատագրման 20-ամեակին առիթով: Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան: Ան մասնաւորաբար խօսեցաւ հայ ժողովուրդի մայիսեան յաղթանակներուն կարեւորութեան մասին, միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ ընտրութիւններուն ժամանակ, երբեք այն քայլը չէ, որ պէտք է ամրապնդէ ժողովուրդի ոգին, եւ ընտրութիւնն է այն գրաւականը, որով մենք ոչ միայն պիտի յաջողէինք նշել, այլեւ պահպանել այդ յաղթանակներուն արդիւնքները եւ յառաջիկային տանիլ նոր յաղթանակներ: Նշուեցաւ, որ Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ ՀՅԴ-ն պարտուեցաւ ոչ թէ իր քաղաքական մրցակիցներուն, այլ ընտրակաշառքի եւ պետական-իշխանական լծակներու համատարած կիրարկման պատճառով: Արձանագրուեցաւ նաեւ, որ անով իշխող քաղաքական ուժը, ըստ էութեան, ժողովուրդի զգալի զանգուածը դարձուց տեղի ունեցած մեքենայութիւններու, խախտումներու եւ կեղծարարութեան յանցակիցը‘ անով իր պատասխանատուութեան բեռը ձգելով ժողովուրդին ստուար զանգուածին վրայ:
Այսուհանդերձ Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ այսպիսի իրավիճակներու մէջ ՀՅԴ-ն աշխատելու փորձառութիւն ունի, եւ այս կուսակցութեան կենսագրութեան մէջ բազմաթիւ այսպիսի դէպքեր եղած են: Իսկ այդ դժուարութիւնները ոչ թէ ընկճած են կուսակցութիւնը, այլ ընդհակառակն‘ աւելի վճռակամութիւն հաղորդած են կուսակցութեան գաղափարները եւ ծրագիրները իրականացնելու ուղղութեամբ:
Անկէ ետք խօսքը փոխանցուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանին, որ անգամ մը եւս հաստատեց, որ Դաշնակցութեան յառաջիկայ ուղեգիծը հաստատ կը մնայ նոյնը, այն է‘ ամբողջական իշխանափոխութիւն իրականացնելը: Միաժամանակ ազդարարուեցաւ, որ Դաշնակցութեան կողմէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ հրապարակուած եւ ներկայացուած ծրագիրը կրնայ դառնալ ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն համար իբրեւ միասնական ընդդիմադիր գործունէութեան ծրագիր, որ պէտք է բոլոր ճիգերով իրականացուի, որպէսզի Հայաստան դառնայ այն երկիրը, զոր բոլորս կ՛երազենք:
Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը հաստատակամ է իր նախանշած ուղեգիծով շարժելու մասին: