ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Յուլիս 8ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2008ին հիմնադրուած ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժինի կազմին մէջ գործող սփիւռքագիտութեան ամպիոնի առաջին շրջանաւարտ մագիստրոսներու վկայականներու յանձնման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Հ
Հ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ԵՊՀ սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Եուրի Աւետիսեան, ամպիոնի դասախօսական անձնակազմը, հիւրեր եւ այլք:
Շնորհաւորելով սփիւռքագիտութեան ամպիոնի առաջին շրջանաւարտները եւ յաջողութիւն մաղթելով անոնց գործունէութեան ընթացքին՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Քաղաքականութիւնը մշակում եւ իրականացնում են մասնագէտները: Այսօր մեր գլխաւոր խնդիրներից մէկը մասնագէտներ պատրաստելն է, ովքեր կը զբաղուեն Սփիւռքի հիմնախնդիրների ուսումնասիրութեամբ եւ կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացմանը»:
Շրջանաւարտները շնորհաւորեցին նաեւ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Ա. Մելքոնեանը, ԵՊՀ սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Ե. Աւետիսեան եւ ամպիոնի դասախօսները՝ նշելով մարդուժի հզօր հիմքի ստեղծման կարեւորութիւնը Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ:
Շրջանաւարտները այնուհետեւ ներկայացուցին սփիւռքագիտութեան ամպիոնի երկու տարուան պատմութիւնը:
Նշենք, որ սփիւռքագիտութեան ամպիոն ստեղծելու գործընթացին նախաձեռնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը:
Նախարար Յակոբեանի ջանքերով եւ ԵՊՀ ղեկավարութեան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, 2008ին ստեղծուեցաւ սփիւռքագիտութեան ամպիոնը՝ մագիստրոսական ծրագիրով:
Այնուհետեւ «Սփիւռքագիտութիւն»ը հաստատուեցաւ իբրեւ առանձին մասնագիտութիւն:
Վկայականներ յանձնուեցան 11 մագիստրոսներու. երկրորդ տարուան ծրագիրով նոյնպէս կ՛ուսանի 11 մագիստրանտ: Այս տարի սփիւռքագիտութեան ամպիոնին մէջ մագիստրոսական ծրագիրով կրթութիւնը շարունակել փափաքողներուն թիւը զգալիօրէն աճած է: