ՀՀ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով, Հայաստան կ՝այցելէ  Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռադայի (խորհրդարանի) նախագահ Վլատիմիր Լիտվինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը եւ Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռադայի նախագահը յարգանքի տուրք մատուցեցին 1999թ. Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին։


Ապա տեղի ունեցաւ  երկու երկիրներու խորհրդարանական պատուիրակութիւններու՝ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:
Հանդիպումէն ետք Լիտվինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, նաեւ՝ Ցեղասպանութեան թանգարան: Վլատիմիր Լիտվին  եղեւնի մը տնկեց Յիշողութեան պուրակին մէջ:
Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռադայի նախագահը աւելի ուշ ընդունուեցաւ  վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ, որ ողջունելով հիւրերու ներկայութիւնը  ՀՀ կառավարութենէն ներս՝  վարչապետը բարձր գնահատեց  երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած քաղաքական երկխօսութեան  մակարդակը։
Հայ-ուքրնիական տնտեսական փոխ գործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ  վարչապետ Սարգսեան  ընդգծեց առկայ ողջ ներուժի լիարժէք իրացման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առումով կարեւորեց միջկառավարական յանձնաժաղովի աշխատանքները։ Հանդիպման ընթացքին  կողմերը քննարկեցին գիւղատընտեսութեան, շինարարութեան, ուժանիւթի, սննդարդիւնաբերութեան, մեքենաշինութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, դեղագործութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներէն ներս  գործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ միջտարածաշրջանային կապերու սերտացման հեռանկարները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ  երկու երկիրներուն մէջ  ընթացող բարեփոխումներուն: Նշուեցաւ, որ տնտեսական յարաբերութիւններուն նոր լիցք կրնան հաղորդել թէ՛ միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքները, թէ՛ բարձր մակարդակի փոխ այցելութիւնները: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան վերահաստատեց ուքրանացի վարչապետին  ուղղած իր հրաւէրը: