Երեւանը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ որպէս Գրքի համաշխարհային 2012 թուականի մայրաքաղաք. նախկին մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետ Մաուրիցիօ Մակրին տիտղոսը յանձնեց Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին:
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ խորհրդանշական Մատենդարանի բակին մէջ, ուր ներկայ էին ՀՀ նախագահ, կաթողիկոսը, վարչապետը, մշակութային-հասարակական գործիչներ եւ յատկապէս ժամանած հիւրեր:
Յոբելենական յանձնաժողովի քարտուղար, ՀՀ նախագահ աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը, ողջունելով հիւրերը, նշեց, որ «երկուհազարութհարիւրամեայ մեր քաղաքամայրը շատ վկայութիւններ կը պահէ համաշխարհային քաղաքակրթութեան ամենատարբեր ժամանակաշրջաններէն: Այս տարի մենք ընդգծում եւ ի ցոյց ենք դնում յատկապէս այն էջերը, որոնք պատմում են գրքի եւ գրականութեան անցած ճանապարհի, ներկայ հանգրուանի ու ապագայի մեր տեսլականի մասին: Մատենադարանը մեր ամէն ինչն է՝ լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը, ծննդեան վկայականն ու կենսագրութիւնը, մեր գալիք բոլոր յաղթանակների խարիսխը, մշտական եւ յարատեւ մեկնակէտը»,- ըսաւ Վիգէն Սարգսեանը: Ան նշեց, որ տարուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի կþունենան շուրջ հազար միջոցառում ինչպէս Երեւանի մէջ, այնպէս ալ ՀՀ բոլոր մարզերուն մէջ, աշխարհասփիւռ հայութեան իւրաքանչիւր համայնքի մէջ:
ՈՒՆԵՍՔՕ-ի 36-րդ գլխաւոր խորհրդաժողովի նախագահ Կատալին Պոջիարդը նշեց, որ իրեն համար մեծ հաճոյք է Հայաստան գտնուիլ նման կարեւոր առիթով: «Հայաստան հասնելով առաջին ժամերէն զգացած եմ Հայաստանի պատմական շունչը եւ այն, որ այստեղ ապրող մարդիկ հպարտ են իրենց անցեալով, կրօնով: Հայաստանի մէջ կայ իւրատեսակ վերաբերմունք գրքի նկատմամբ, որը հիմք հանդիսացած է Գրքի համաշխարհային մայրաքաղաքի ընտրութեան առումով»,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ ինքը հպարտ է ՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընտանիքի անունով այստեղ գտնուելու համար:
ՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Էնգիդա Գետաշեւը նշեց, որ հայ ժողովուրդը առաջին թարգմանած է Աստուածաշունչը, ինչ որ կը վկայէ գիրքի նկատմամբ ունեցած իւրատեսակ վերաբերմունքը: Միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցան սիրուած խումբեր Հայաստանէն, Արժանթինէն եւ Պանկոկէն: Վերջաւորութեան Մատենադարանի կոթողային շէնքին վրայ տեղի ունեցաւ 3D շոու-ծրագիր: Միջոցառումը վերջացաւ շքեղ հրավառութեամբ: