ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ քարոզչական յանձնախումբի անդամները ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ներկայացուցին arf2012.am հասցէով խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզչութեան նպատակով ստեղծուած ՀՅԴ-ի կայքէջը:
«Մեր քարոզարշաւը միշտ այսպէս աշխուժ պիտի ըլլայ եւ մենք բոլոր կարելի ձեւերը եւ միջոցները պիտի օգտագործենք, որպէսզի ընտրողին հետ անմիջական կապով իրականացուող կարգավիճակ ըլլայ, ընտրողներուն բազմաթիւ կարելիութիւններ ընձեռնուին մեզի դիմելու զիրենք յուզող հարցումներով եւ գնահատելու մեր խօսքը, մեր ներկայացուցած ծրագիրները: Անով մենք նաեւ շտկումներ պիտի մտցնենք մեր ընթացքին մէջ, որովհետեւ այս ամէնուն իբրեւ արդիւնք պիտի ձեւաւորուի այն հիմնական ծրագիրը եւ հայեցակարգը, որով Դաշնակցութիւնը պէտք է Ազգային ժողովին մէջ հետապնդէ դրուած բոլոր հարցերուն լուծումը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ան ընտրողներուն կոչ ուղղեց աշխուժօրէն օգտագործելու կայքէջի կարելիութիւնները եւ Դաշնակցութեան դիմելու զիրենք յուզող հարցումներով, ինչպէս նաեւ խոստացաւ, որ դրուած բոլոր հարցումները պատասխան պիտի ունենան:
ՀՅԴ քարոզչական յանձնախումբի անդամ Վահան Վարդանեան ներկայացուց կայքէջի արհեստագիտական կարելիութիւնները: Կայքէջին մէջ պիտի տեղադրուին քարոզարշաւի բոլոր լուրերը եւ նորութիւնները: Այսինքն՝ անիկա կրնայ շատ օգտակար դառնալ ոչ միայն քաղաքացիներուն, այլեւ լրագրողներուն համար, քանի որ այնտեղ կայ ձեռնարկներու բաժինը, որուն մէջ կը ներկայացուի, թէ ի՛նչ հանդիպումներ, ձեռնարկներ եւ իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Կայքէջին վրայ տեղադրուած են նաեւ ՀՅԴ նախընտրական հռչակագիրը եւ նախընտրական ծրագիրը: Կայ նաեւ «Յետադարձ կապ» բաժինը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ որեւէ հարցում յղել եւ անոր պատասխանները ստանալ:
Առանձին բաժին կայ նախընտրական կեդրոններուն վերաբերեալ. «Կուկըլ մափ»-ով նշուած են Հայաստանի ամբողջ տարածքին մէջ գործող Դաշնակցութեան նախընտրական կեդրոններու տեղերը, հասցէները, պատասխանատուները, կապուելու հասցէները եւ հեռախօսի թիւերը:
Կայքէջին վրայ տեղադրուած են ՀՅԴ թեկնածուներու համամասնական եւ մեծամասնական ցուցակները՝ թեկնածուներու լուսանկարներով եւ կենսագրութիւններով: Կան նաեւ պատկերասրահի եւ տեսանիւթերու բաժինները, ուր կը տեղադրուին բոլոր տեսագրութիւնները եւ լուսանկարները:
Կայքի արհեստագիտական աշխատանքները իրականացուցած է «Սթիւտիօ Ուան» ընկերութիւնը, որուն նախագահ Գէորգ Գադուկեան նշեց, որ կայքէջը ունի եռաստիճան պաշտպանուածութիւն եւ շատ պարզ ու հասկնալի է օգտագործման համար:
