ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան վստահութիւն յայտնեց, որ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու պարագային իշխանութիւնը ապագայ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունենալու որեւէ առիթ չունի:

Ըստ անոր, պիտի ձեւաւորուի իրականութեան մօտիկ խճանըկար մը, որ թոյլ պիտի տայ խորհրդարանը դարձնել լուրջ հակակշիռ գործադիր իշխանութեան եւ երկրին մէջ շեշտակի բան մը պիտի փոխուի:

 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան կ'ըսէ

«ՀՅԴ-ն իր պատասխանատուութենէն չի հրաժարիր»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իշխանութիւնը նախընտրական քարոզչութեան շրջանին մէջ կ՛աշխատի ընդդիմութեան դաշտին մէջ, ոչ թէ իր կատարածի հաշուետուութեամբ հանդէս կու գայ, այլ աւելի լաւ կեանքի խոստումներ կու տայ:
Ռուստամեան ըսաւ, որ իշխանութիւններ ըսելով նկատի ունի ամբողջ համաձայնական կառավարութիւնը, որ կը խօսի փոփոխութիւններու մասին: Բայց հարց կը յառաջանայ, թէ այդ իշխանութիւնները ի՞նչ կ՛ընէին մինչեւ հիմա: Ըստ Ռուստամեանի, իշխանութեան յաջողութիւնը ընտրութիւններու ժամանակ կ՛ապահովուի ոչ թէ քարոզչական միջոցներով, այլ այն հաշուետուութեամբ, որ ինք կը ներկայացնէ: Ան նշեց, որ 5 տարին այդքան մեծ ժամանակահատուած չէ, որ մարդիկ չյիշեն մինչեւ հիմա, թէ ինչպէ՛ս եղած ես եւ հիմա անոր ըսելու իրաւունքը ունի՞ս, թէ՞ ոչ:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը իր հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ չէ եղած որեւէ իշխանութիւն, որ եկած է իշխանութեան եւ մտածած է ժողովուրդին մասին, արդեօք այդ խօսքը Դաշնակցութեան ալ կը վերաբերի՞, որ 2007-ին իշխանութիւնը ձեռքը առած էր, Ռուստամեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը իր պատասխանատուութենէն չի հրաժարիր, պարզապէս կ՛ուզէ, որ նաեւ զայն մեղադրողները արդար ըլլան եւ այնքան պատասխանատուութեան հարցը բարձրացնեն, որուն իրաւունքը ունեցած է Դաշնակցութիւնը: «Վերջապէս այդ ժամանակ ալ եղած ենք 12-13 առ հարիւր եւ անոր համապատասխան շատ բաներ կատարած ենք, որուն մասին առանձին մենք միշտ բարձրաձայնած ենք: Բայց չենք յաջողած, որովհետեւ այդ տրամաբանութիւնը գործած է, որ մեծամասնութիւնը չէ ընդունած մեր մօտեցումը, փաստարկները: Հայեցակարգային փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը իրենք չեն ընդունած, որովհետեւ չեն ուզած հրաժարիլ այն համակարգէն, որ դժբախտաբար մինչեւ հիմա հիմնական չարիքը կը հանդիսանայ այս շարունակուող դժուարութիւններուն:
«Ազատութեան» ձայնասփիւռի կայանին լրագրողը ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Եթէ չէիք ընդուներ, ինչո՞ւ շարունակեցիք մնալ համաձայնական կառավարութեան մէջ: Յայտնի է, որ դուք համաձայնական կառավարութիւնը լքեցիք ոչ թէ ընկերային-տնտեսական հարցերուն մէջ անհամաձայնութեան, այլ‘ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն հետ կապուած հարցերով»: Անդրադառնալով այս հարցումին, դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ ասիկա պատճառներէն մէկն էր, բայց միակը չէր: Ան շեշտեց, որ տեսնելով, թէ համաձայնական կառավարութիւններուն մաս կազմելով դուն նաեւ կիսատ կը լուծես այն խնդիրները, որոնք քեզի համար կարեւոր են, Դաշնակցութիւնը որոշեց ընդհանրապէս համաձայնական կառավարութեան մաս չկազմել: