ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը 2012 թուականին պիտի իրականացնէ հայ ժողովուրդը հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու նպատակ հետապնդող տարբեր ծրագիրներ։


Նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ 21 քաղաքացիական ծառայողներու երդման արարողութեան ընթացքին վերոյիշեալ հաստատումը կատարեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Շուրջ երեք տարի նախարարութիւնը իր մարտահրաւէրը նկատած էր լուծել շարք մը կարեւոր խնդիրներ, որոնց կարգին՝ հայապահպանութեան, ցեղասպանութեան ճանաչման, ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցեր: «Այսուհետ մենք պէտք է ունենանք մի նոր առաքելութիւն. այն է՝ մեր աշխատանքներով նպաստել հայ ժողովրդի եւ Հայ առաքելական եկեղեցու միջեւ կապի ամրապնդմանը», նշած է նախարարը։
Կոմիտաս վարդապետ Յովնանեան երդման արարողութենէն առաջ օրհնեց երդում տուողները, անոնց մաղթելով բարեխիղճ աշխատանք ծաւալել, ապա ցուցադրուեցաւ նախարարութեան կատարած աշխատանքներուն անդրադարձող շարժանկար: