Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Հայաստանի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Լաւրով նախագահ Սարգսեանի փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ուղերձը։

«Սերժ Սարգսեան հաստատած է ղարաբաղեան կարգաւորման խնդիրին մէջ իրական յառաջընթացի արձանագրման  իր շահագրգռուածութիւնը, յայտարարելով, որ ուշադրութեամբ պիտի ուսումնասիրէ ուղերձը եւ մօտիկ ապագային պիտի պատրաստէ իր պատասխանը», յայտարարեց Լաւրով։ «Մենք կþուզենք, որ խնդիրը լուծուի եւ լուծուի այնպէս, որ մեր տարածաշրջանին մէջ, իսկապէս հաստատուի վերջնական խաղաղութիւն եւ կայունութիւնը», հանդիպումին ընթացքին ըսած է նախագահ Սարգսեան։ Լաւրով նշած է, թէ Տմիթրի Մետվետեւ անկեղծօրէն շահագրգռուած է, որպէսզի այս գործընթացը յաջողութեամբ պսակուի եւ վստահ է, որ համաձայնութեան գալու բոլոր պայմանները գոյութիւն ունին։
Նալբանդեան իր կարգին բարձր գնահատած է բանակցային գործընթացին մէջ միջնորդներու աջակցութիւնը։ «Ճիշդ այս տպաւորութեամբ ալ մենք մեկնած էինք Քազան», ըսած է ան։
Ըստ Նալբանդեանի, բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կարելի է միայն այն պարագային, երբ Ատրպէյճան հանէ իր ներկայացուցած տասը պահանջները։