![]()
Երեւանէն Պաքու՝ Մոսկուայի միջոցաւ
«Եւրանեսթ»ի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստանի պատուիրակութիւնը Պաքու ժամանեց ոչ թէ Թիֆլիսի վրայով, այլ՝ Մոսկուայի միջոցաւ։
Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ 2-4 Ապրիլին կայացած խորհրդաժողովի հայկական մասնակցութեան հարցը տարբեր հանգրուաններէ անցաւ նախորդող օրերուն: Անվտանգութեան երաշխիքներ պահանջուեցան «Եւրանեսթ»ի խորհուրդին կողմէ, ապա որոշուեցաւ երկու հոգիով միայն մասնակցութիւնը, ի վերջոյ սակայն լրիւ կազմով ժամանեց հայկական պատուիրակութիւնը, որ կը գլխաւորուի Վահան Յովհաննիսեանի կողմէ եւ կը բաղկանայ Արտակ Զաքարեան, Արա Նռանեան, Լիլիթ Գալստեան, Յովհաննէս Սահակեան, Արամ Սաֆարեան, Նայիրա Զոհրապեան, Ստեփան Սաֆարեան, Խաչիկ Յարութիւնեան եւ Մանվել Բադեյեան խորհրդարանականներէն:
Ղարաբաղի մասին ոչինչ պիտի խօսուի
«Եւրանեսթ»ի լիագումար նիստի նախօրեակին, պայմանաւորուածութիւն կար հայկական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւններու միջեւ՝ «խնդրայարոյց» թեմաներէ խուսափելու մասին, որպէսզի չխոչընդոտուին վեհաժողովի երկրորդ նստաշրջանի աշխատանքները:
«Երկիր» շաբաթաթերթը կապ հաստատած է Վահան Յովհաննիսեանի հետ, իմանալով թէ լարուածութիւն չկայ աշխատանքային մթնոլորտի կապակցութեամբ:
Երէկ պատուիրակութեան անդամները հիւրընկալուած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ, ուր որեւէ անդրադարձ կամ ատրպէյճանական սովորական հռետորաբանութիւն չէ հնչած:
«Ատրպէյճանը միշտ էլ Հայաստանից հարուստ է եղել եւ տեսանելի ապագայում էլ այդպիսին կը լինի: Բայց Հայաստանը երբեք այնքան աղքատ չի լինի, որպէսզի չկարողանայ ձեռք բերել պաշտպանական համակարգեր» դիտել տուած է Վ. Յովհաննիսեանը, աւելցնելով թէ «Լեռնային Ղարաբաղում հակամարտութեան գօտում առկայ «սթաթուս«քվոյի»՝ ոչ խաղաղութիւն, ոչ պատերազմ կարգավիճակը չի կարող յաւերժ տեւել: Ան աւելցուցած է որ «Ատրպէյճանը պէտք է զիջումներու երթայ: