Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին առիթով Երեւան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը հակամարտութեան 20 տարիներուն ընթացքին ամենայն ազնուութեամբ կատարած է ու կը շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը՝ առանց հեռանալու Հելսինկեան սկզբունքներէն, որոնք հիմնուած են ԵԱՀԿ փաստաթուղթերու եւ ՄԱԿի կանոնակարգին վրայ։
Ան դիտել տուած է, որ այդ սկզբունքներով բացառուած է ուժի օգտագործումը, հիմնական է յարգել տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը։
Ատրպէյճանական կողմին մասին խօսելով եւ ակնարկելով միջնորդներուն կողմէ բացասական գնահատականներուն՝ Լաւրով նշած է. «Մենք կը լսենք տարբեր տեսակի արտայայտութիւններ, որոնք երբեմն կը կատարուին զգացական, երբեմն ոչ պաշտօնական պայմաններու մէջ, բայց կ՛առաջնորդուինք պաշտօնական դիրքորոշումներով։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնական դիրքորոշումները տեղ գտած են երկու պետութիւններու ղեկավարներուն եւ երեք համանախագահներուն համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ նաեւ արժանացած է Դեկտեմբեր 2010ին գումարուած ԵԱՀԿի գագաթաժողովի հաւանութեան։ Այդ յայտարարութեան մէջ յստակօրէն բարձր գնահատուած են նախագահներ Մետվետեւի, Սարգսեանի եւ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումներուն արդիւնքներն ու ջանքերը: Այդ մէկը արձանագրուած է թուղթի վրայ, ինչպէս նաեւ կ՛արտացոլայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պաշտօնական դիրքորոշումներուն ընդմէջէն»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին այս մասին խօսելով՝ դիտել տուած է, վերջին շրջանին Ատրպէյճան մերժած է համանախագահներու առնուազն չորս առաջարկ։
«Ատրպէյճանցիները սթաթիւս-քոյի փոփոխութիւնը պայմանաւորում են միայն մէկ հանգամանքով, այն է՝ Ղարաբաղի յարակից տարածքների վերադարձը: Այս հարցի շուրջ համանախագահները բազմաթիւ անգամ նշել են, որ հակամարտութեան կարգաւորման համար առաջարկուած բոլոր սկզբունքները եւ տարրերը մէկ ամբողջութիւն են եւ նրանցից ոչ մէկը չի կարող անջատուել միւսից», նշած է Նալբանդեան։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի գծով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած բանաձեւերու գծով ատրպեճանական մեկնաբանութեան՝ նախարար Նալբանդեան շեշտեց, որ անոնց հիմնական պահանջքը եղած է ռազմական գործողութիւններու դադարեցումն ու զինադադարի հաստատումը: Ան յիշեցուց, որ այդ մասին իր գիրքին մէջ նշած է նաեւ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Կազիմիրովը, որուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է զինադադարի հաստատում կատարել։
Նախարարները նաեւ անդրադարձած են Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցին գծով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դիրքորոշումներուն, որոնք նոյնն են։