Մարտ 30ին, ժամը 11ին, Երեւանի «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու չորրորդ խորհրդաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 25 յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու 60 ներկայացուցիչներ՝
Արժանթինէն, Պրազիլէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Գանատայէն, Հայաստանէն, Արցախէն, Եգիպտոսէն, Աւստրալիայէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, Ուրուկուէյէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Քուէյթէն, Ֆրանսայէն, Երուսաղէմէն։
Խորհրդաժողովին նպատակն է քննարկել Հայ Դատի աշխատանքներուն ընթացքը՝ 2010ին կայացած Հայ Դատի նախորդ խոր-հըրդաժողովէն մինչեւ օրս, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայ Դատի ռազմավարութեան հիման վրայ մշակել յառաջիկայ երկամեակի աշխատանքային ծրագիրները:
Խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ են հետեւեալ հիմնական հարցերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ պահանջատիրական պայքարի նպատակով ի գործ դրուած աշխատանքներ, հայ-թրքական յարաբերութիւններ, Ատըրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ պայքար, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնն ու մարտահրաւէրները, Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր կատարուած նախաձեռնութիւններ։
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Հայաստանի հասարակութեան մօտ միշտ հարցում մը կ՛առաջադրուի, որ Հայ Դատի պայքարը այսօր արդիակա՞ն է, եւ կարելի՞ է արդիւնքներ ապահովել։ «Այսօր ավելի ակտուալ հարց չկայ, քան Հայ Դատի պայքարն է: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար պայքարի գործընթացը շարունակւում է նաեւ այսօր, եւ դա սկսել են հասկանալ նաեւ օտարերկրացիները», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար չպայքարիլ կը նշանակէ մահանալ, որովհետեւ գոյատեւման միակ ձեւը պայքարն է։
«Ցեղասպանութեան դէմ չպայքարել նշանակում է մահանալ, քանզի ցանկացած կենդանի օրկանիզմի համար գոյատեւման ձեւը պայքարն է, եւ մեր պայքարը հէնց այս ուղղութեամբ է գնում: Դա չի նշանակում, որ Հայաստանում առկայ անարդարութեան դէմ պէտք չէ պայքարել, որ Հայաստանում պիտի չհաստատուեն ժողովրդավարական կարգեր, բայց մենք պէտք չէ մոռանանք, որ Հայաստանի բոլոր փրոպլեմների հիմնական ֆոնը, ի վերջոյ, հետեւանք է Ցեղասպանութեան: Եւ ուրեմն՝ համարել, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարը, Արցախի ճանաչման համար պայքարն այնքան էլ ակտուալ չեն եւ պէտք է կեդրոնանալ միայն լոքալ (տեղական), գաւառական մակարդակի իջեցուած տե- ղական խնդիրների վրայ, արդիւնք չի բերի», հաստատեց ան։
Խօսելով Հայաստանի բարձր մակարդակներու վրայ տարուելիք աշխատանքներուն անհրաժեշտութեան մասին՝ Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի խորհրդարանը ունի տասնեակի հասնող պատուիրակութիւններ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորներն են՝ ԵԽԽՎի, ԵԱՀԿի, ՆԱԹՕի, «Եւրանեսթ»ի եւ այլ կառոյցներու մէջ գործող հայկական պատուիրակութիւնները, սակայն «մեր խորհրդարանական կազմը, մեղմ ասած, պատրաստ չէ դիւանագիտական աշխատանքների»։
«Միջազգային կառոյցների խորհրդարանական վեհաժողովները, կազմակերպութիւնները որպէս այդպիսին բաղկացած են մարդկանից, որոնք այս կամ այն թեմային լաւ չեն տիրապետում, ինչը հասկանալի է, քանի որ նրանք պատգամաւորներ են: Շատ յաճախ նրանք յայտնւում է ինչ-որ ուժային կեդրոններից եկող թելադրանքի կամ կեղծ ներշնչած գաղափարների թելադրանքների տակ, կամ էլ, որը շատ յաճախ հանդիպում է, նաեւ թուրք-ատրպէյճանական լոպպիստական կազմակերպութիւնների ազդեցութեան տակ», ըսաւ Յովհաննիսեան։
Անոր համաձայն, թէեւ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը շատերուն համար անկարեւոր կը թուի, բայց եւ այնպէս կան այնպիսի օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ընդունուող բանաձեւերը կրնան վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, նոյնիսկ եթէ ոմանք զանոնք անկարեւոր նկատեն։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը առաջարկեց ամուր կերպով կառչիլ եւ մեծ կարեւորութիւն տալ խորհրդարանական դիւանագիտութեան։ Ան միջազգային կառոյցներուն մէջ ծաւալած աշխատանքի ծիրին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, տնտեսական ներդրումներուն, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի ճանաչման հարցին։
Հայ Դատի խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ կոչ ուղղեց մեր բարձրացուցած հայկական հարցերուն համար ճակատաբաց պայքար մղելէ չվախնալու, ըլլան անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախին կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող։