ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ: Մ. Հերացի անուան Երեւանի պետական բժշկական համալսարանն ու «Վիվա-Սելլ-ՄՏՍ» ընկերութիւնը Սեպտեմբերէն փորձնական շահագործման մէջ կը դնեն M- Health տեխնոլոկիան: Այն կենթադրէ սարքաւորումներու ներդրում բժիշկ- հիւանդ շփման մէջ:

Այն թոյլ կուտայ բժիշկին առանց այցելութեան հսկողութիւն սահմանել հիւանդի առողջութեան նկատմամբ, իսկ հիւանդը հնարաւորութիւն կը ստանայ հետազօտութիւն անցնել տնային պայմաններուն մէջ եւ ցանկացած պահու բժիշկին «ՎիվաՍել-ՄՏՍ»-ի ցանցի միջոցով ուղարկել իր առողջական վիճակի մասին տեղեկութիւնները՝ շարժական յատուկ սարքաւորումներով վերլուծելու համար:
«Այս լուծումը յարմարաւէտ է եւ արագ: Զարգացած երկրներում այն լայնօրէն կիրառւում է՝ թոյլ տալով ապահովել առողջապահական ծառայութիւնների եւ տեղեկատուութեան առաւել հասանելիութիւն: Առաջին անգամ Հայաստանում նման հնարաւորութիւնը հասանելի է դառնում մեր ընկերութեան շնորհիւ: Հասարակական կեանքի ցանկացած ոլորտում, իսկ առողջապահութեան ոլորտում առաւել եւս, նորարարութիւնները պարտադիր են եւ մեր ուշադրութեան կեդրոնում»,- ըսաւ Ռալֆ Եիրիկեանը: