Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ:

Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման: Զրոյցը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ: