Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելէ Երեւան ժամանած է եւ այցելութիւն տուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը ընդունուած է ՀՀ իր պաշտօնակից Է. Նալբանդեանի կողմէ, այսօր առաւօտեան ժամերուն: Իր այցելութեան մասին կ'անդրադառնանք Երկուշաբթի օրուայ մեր թիւով: